Անգլիոյ ֆութպոլի Ա. դասակարգի ախոյեանութեան («Չեմփիընշիփ») 42-րդ հանգրուանի մրցումներուն, պարագլուխի դիրքին վրայ գտնուող Նորուիչ Սիթի թէեւ 3-1 արդիւնքով պարտութիւն մը կրեց իր հիւրէն` Պուրնըմաութէն, սակայն յաջողեցաւ ապահովել բարձրագոյն դասակարգի իր տոմսը` նկատի ունենալով, որ երրորդ դիրքին վրայ գտնուող Սուանզի Սիթի, 2-2 արդիւնքով հաւասարութիւն մը արձանագրելէ ետք Ուայքոմպ Ուանտըրըրզի հետ, կորսնցուց իր յոյսերը` պարագլուխի դիրքը գրաւելու առումով:
Ախոյեանութեան աւարտէն չորս հանգրուան առաջ, Նորուիչ այժմ իր տրամադրութեան տակ ունի 90 կէտ եւ 14 կէտով կը գերազանցէ Սուանզին (2-րդ):
Երկրորդ դիրքին վրայ գտնուող Ուաթֆորտ ունի 82 կէտ:
Նշենք, որ Նորուիչ նախորդ տարեշրջանին փոխադրուած էր Ա. դասակարգ` գրաւելով ընդհանուր դասաւորման վերջին դիրքը: