Լիբանանի ֆութպոլի Բ. դասակարգի ախոյեանութեան մրցումներուն ծիրին մէջ, երէկ` ուրբաթ, 16 ապրիլին, Սաժես յաջողեցաւ բարձրանալ Ա. դասակարգ, երբ 1-0 արդիւնքով յաղթելէ ետք Նահտա Պար Էլիասին, գրաւեց դասաւորման երկրորդ դիրքը` ապահովելով 31 կէտ եւ կէտով մը ետ մնալով առաջին դիրքը գրաւած Սփորթինկէն, որ շաբաթ մը առաջ ապահոված էր Ա. դասակարգի իր տոմսը:
Նշենք, որ Սաժես վեց տարեշրջան առաջ փոխադրուած էր Բ. դասակարգ:



