
Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 6-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, երէկ` կիրակի, 18 ապրիլին, ՀՄԸՄ-ի կազմը, որ հիւրը եղաւ Հուփսին, անկէ կրեց տարեշրջանի իր 5-րդ պարտութիւնը` 90-55 արդիւնքով (23-20, 49-36, 79-50 եւ 90-55):
Մրցումին ամէնէն շատ կէտը նշանակեց Հուփսէն Ֆետի Մողարպել (19):
Իսկ ՀՄԸՄ-էն 10-ական կէտ նշանակեցին Քարլ Զալլում եւ Քարիմ Ժատայել:
Օրուան իրաւարարներն էին Ատել Խուէյրի, Ռապիհ Մասրի եւ Մարուան Աքիքի:
Այս հանգրուանի ծիրին մէջ երէկ տեղի ունեցած Աթլաս-Պէյրութ մրցումը աւարտեցաւ առաջինին յաղթանակով` 76-56 արդիւնքով: