Ինքնաշարժներու միջազգային ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը հաղորդեց, որ 2022-ի «Ֆորմիւլա-1»-ի «կրան փրի»-ներէն մէկը տեղի պիտի ունենայ Միացեալ Նահանգներու Մայեմի քաղաքին մէջ:
«Ֆորմիւլա-1»-ի կազմակերպիչները նախորդ շաբաթավերջին տասը տարուան պայմանագրութիւն մը ստորագրեցին հիւրընկալ քաղաքին հետ:
Անոր կեդրոնը պիտի ըլլայ «Հարտ Ռոք Սթատիում»-ը:
Այլ գետնի վրայ, երէկ` կիրակի, 18 ապրիլին տեղի ունեցաւ տարեշրջանի երկրորդ «կրան փրի»-ն, «Էնզօ Է Տինօ Ֆեռարի» (Իտալիա) վազքուղիին վրայ: Անիկա աւարտեցաւ Մաքս Վերսթափենի («Ռետ-Պուլ») յաղթանակով, արձանագրեց 2 ժամ 2 վայրկեան եւ 34 երկվայրկեան արդիւնք մը:
Անոր ետին երկրորդ դիրքը գրաւեց Լուիս Հեմիլթըն («Մերսետես»), 22 երկվայրկեան ուշացումով, մինչ լաւագոյն եռեակը ամբողջացուց Լենտօ Նորիս («Մաքլարըն»), որ ժամանման գիծ հասաւ` 23 երկվայրկեան ուշացումով: