Հայաստանի ըմբշամարտի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը երէկ յայտնեց, որ յստակացան այն ըմբիշներուն անունները, որոնք իրենց մասնակցութիւնը պիտի բերեն Պուլկարիոյ մայրաքաղաք Սոֆիայի մէջ տեղի ունենալիք ողիմպիական խաղերու վարկանշային միջազգային մրցաշարքին:
Յունահռոմէական ոճի ըմբշամարտի հաւաքականի գլխաւոր մարզիչ Էդուարդ Սահակեան նկատի առաւ հետեւեալ չորս մարզիկները.
Արմէն Մելիքեան (60 քկ), Կարէն Ասլանեան (67 քկ), Արթուր Շահինեան (87 քկ) եւ Դաւիթ Օւասապեան (գերծանր կշիռ):
Նշուեցաւ, որ 6-9 մայիսին տեղի ունենալիք այս մրցաշարքին Թոքիոյի ողիմպիական խաղերուն իրենց տոմսերը պիտի ապահովեն այն մարզիկները, որոնք կը հասնին աւարտական մրցումներուն:



