Հայաստանի պասքեթպոլի աղջկանց ախոյեանութեան աւարտական հանգրուանի առաջին մրցումին իրարու դէմ մրցեցան «Լես Ֆոքսես» եւ «Երեւան Պասքեթ»:
Մրցումին չորս քորթըրներուն ալ բացարձակ առաւելութիւն մը ունենալով` այս առաջին մրցումին յաղթանակ արձանագրեց «Լես Ֆոքսես», 67-49 արդիւնքով:
Այս հանդիպումին ընթացքին ամէնէն շատ կէտը նշանակեց Նարինէ Կէօքչեան («Երեւան Պասքեթ»)` 25 կէտ:
Երկու յաղթանակ արձանագրող խումբը կը հանդիսանայ ախոյեան:
Հայաստանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնը շուտով պիտի հրապարակէ յաջորդ մրցումին կայացման թուականը:



