Երէկ` կիրակի, 18 ապրիլին, Հայաստանի մարմնամարզութեան տղոց հաւաքականը մեկնեցաւ Զուիցերիա` իր մասնակցութիւնը բերելու համար Եւրոպայի մարմնամարզութեան ախոյեանութեան: Հաւաքականը հայրենիք կը վերադառնայ 26 ապրիլին:
Հայաստանի հաւաքականին մաս կը կազմեն Արթուր Դաւթեան, Վահագն Դաւթեան, Արթուր Աւետիսեան, Արմէն Պետրոսեան եւ Գագիկ Խաչիկեան:
Անդրադառնալով այս ախոյեանութեան` հաւաքականի գլխաւոր մարզիչ Յակոբ Սերոբեան ըսաւ.
«Հաւաքականի անդամներէն շատեր մետալի տիրանալու կարելիութիւն ունին: Մենք մրցասպարէզ կը մեկնինք 4-5 մետալ շահելու համար` նկատի ունենալով, որ բարձր մակարդակի մարզիկներ ունինք:
«Մենք մեր հաւաքականի մարզիկներէն ինքնավստահ ենք, սակայն մնացեալ խումբերու մարզիկներուն մարզավիճակէն տեղեակ չենք»: