Նախորդ շաբաթավերջին Անգլիոյ ֆութպոլի բարձրագոյն դասակարգի ախոյեանութեան 32-րդ հանգրուանին ծիրին մէջ կատարուեցան հինգ մրցումներ:
Ընդհանուր դասաւորման 20-րդ եւ վերջին դիրքին վրայ գտնուող Շեֆիլտ Եունայթըտ, որ հիւրը եղաւ Վուլվզին, անկէ կրեց 1-0 արդիւնքով պարտութիւն մը:
Իր կրած այս պարտութեան պատճառով, Շեֆիլտ Եունայթըտ, որուն կէտերը մնացին 14, պաշտօնապէս փոխադրուեցաւ Ա. դասակարգ` ախոյեանութեան աւարտէն վեց հանգրուան առաջ:
Յաղթական կազմը իր կոլը նշանակեց մրցումին 60-րդ վայրկեանին:



