Մարզական

«Պունտըսլիկա».  Տարեշրջանի Բացման Մրցումը ` Պորուսիա  Մէօնշընկլատպախի Եւ Պայէրն Միւնիխի Միջեւ

«Պունտըսլիկա». Տարեշրջանի Բացման Մրցումը ` Պորուսիա Մէօնշընկլատպախի Եւ Պայէրն Միւնիխի Միջեւ

Գերմանիոյ ֆութպոլի ֆետերասիոնը երէկ հրապարակեց Գերմանիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան («Պունտըսլիկա») 2021-2022 տարեշրջանի մրցումներուն յայտագիրը: Տարեշրջանի բացման մրցումին, երկրին գործող ախոյեանը` Պայէրն Միւնիխ հիւրը պիտի ըլլայ Պորուսիա Մէօնշընկլատպախին: Այս մրցումը տեղի պիտի ունենայ 13 օգոստոսին: Անոր յաջորդող օրը, Պորուսիա Տորթմունտ պիտի հիւրընկալէ Այնթրախթ Ֆրանքֆորթը, մինչ Լայփցիկ հիւրը պիտի ըլլայ Մայնց-05-ին: Ախոյեանութեան վերջին` 34-րդ հանգրուանի մրցումը տեղի պիտի ունենայ 14 մայիս 2022-ին:

Լիբանանի Պասքեթպոլի Բաժակի Մրցաշարք.  Երկուշաբթի, 7 Դեկտեմբերին` ՀՄԸՄ – Պիպլոս

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Տարիքային Դասակարգերու Ախոյեանութեան Սկիզբ

Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը կը տեղեկացնէ, որ շուտով ազդանշանը պիտի տրուի Լիբանանի պասքեթպոլի 14 տարեկանէն վար տղոց եւ աղջկանց 2020-2021 տարեշրջանի տարիքային ախոյեանութեան: Կը կարծուի, որ մօտիկ ապագային ֆետերասիոնը պիտի հրապարակէ մասնակցող խումբերուն անունները, երբ վերջնականապէս յստականան տարիքային ախոյեանութեան մասնակցող բոլոր խումբերուն անունները: Նշենք, որ ֆետերասիոնը այս ախոյեանութեան մասնակցիլ ուզող ակումբներուն վերջին պայմանաժամ ճշդած է երեքշաբթի, 29 յունիսը:

Թենիս.  Բացառիկ Յատկութիւններ Ունեցողներու  Զտումի Մրցաշարքը Սկսաւ

Թենիս. Բացառիկ Յատկութիւններ Ունեցողներու Զտումի Մրցաշարքը Սկսաւ

Կազմակերպութեամբ «Սփորթց Մանիա» ընկերութեան, գործակցութեամբ եւ հսկողութեամբ Լիբանանի թենիսի ֆետերասիոնին, ազդանշանը տրուեցաւ բացառիկ յատկութիւններ ունեցողներու թենիսի զտումի Ա. հանգրուանի մրցաշարքին: Անիկա տեղի ունեցաւ Նահտա Պէյրութ ակումբին մէջ` ներկայութեամբ Լիբանանի թենիսի ֆետերասիոնի նախագահ Օլիվըր Ֆայսալի: Նշենք, որ կատարուեցան 10, 14 եւ 18 տարեկանէն վար տղոց եւ աղջկանց մրցումները` բաւական հետաքրքրական եւ տաք մթնոլորտի մը մէջ: Բ. հանգրուանի մրցումները տեղի պիտի ունենան...

Հայաստանի 16 Տարեկանէն Վար Ֆութպոլի  Հաւաքականը` Տիտղոսակիր

Հայաստանի 16 Տարեկանէն Վար Ֆութպոլի Հաւաքականը` Տիտղոսակիր

Երէկ` հինգշաբթի, 24 յունիսին, Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնի ֆութպոլի ակադեմիային մէջ իր աւարտին հասաւ «ԵՈՒ. Է. ԷՖ. Ա. »-ի ֆութպոլի զարգացման մրցաշարքը: Վերջին օրը, Հայաստանի 16 տարեկանէն վար հաւաքականը 3-1 արդիւնքով յաղթեց Հայաստանի 15 տարեկանէն վար հաւաքականին: Իսկ Խըրխըզիստանի 16 տարեկանէն վար ազգային խումբը 4-2 արդիւնքով յաղթեց Լիբանանի 16 տարեկանէն վար ազգային խումբին: Արձանագրելով իր երրորդ յաջորդական յաղթանակը` Հայաստանի 16 տարեկանէն...

Ծանրաբարձութիւն.  Միջազգային Ֆետերասիոնին Նախագահն Ու 17 Թուրք  Մարզիկներ Կը Մեղադրուին Խթանիչ  Դեղերու Խախտումներու Յանցանքով

Ծանրաբարձութիւն. Միջազգային Ֆետերասիոնին Նախագահն Ու 17 Թուրք Մարզիկներ Կը Մեղադրուին Խթանիչ Դեղերու Խախտումներու Յանցանքով

Խթանիչ դեղերու քննութիւններ կատարող գործակալութիւնը («ԱՅ. ԹԻ. ԷՅ. »), Եւրոպայի ծանրաբարձութեան ֆետերասիոնի («Ի. ՏԱՊԸԼԻՈՒ. ԷՖ. ») թուրք նախագահ Հասան Աքուսին մեղադրեց թուրք ծանրաբարձներու խթանիչ դեղերու գործածութեան համար կատարուած քննութիւններուն արդիւնքները քողարկելու յանցանքով: «ԱՅ. ԹԻ. ԷՅ. »-ի մամլոյ քարտուղարութիւնը յայտնեց, որ 2013-ին, Թուրքիոյ ծանրաբարձութեան ֆետերասիոնի նախագահի պաշտօնին վրայ գտնուող Աքուսի կը նկատուի գլխաւոր յանցաւորը` այդ 16 ծանրաբարձներուն դրական արդիւնքները գաղտնի պահելու...

Տեղի Ունեցաւ Արցախեան Պատերազմին  Ընթացքին Նահատակուած Հերոս Հենրիկ Յակոբեանի  Անուան Ջրագնդակի Առաջին Յուշամրցաշարքը

Տեղի Ունեցաւ Արցախեան Պատերազմին Ընթացքին Նահատակուած Հերոս Հենրիկ Յակոբեանի Անուան Ջրագնդակի Առաջին Յուշամրցաշարքը

Հայաստանի ջրագնդակի ֆետերասիոնը կը հաղորդէ, որ տեղի ունեցաւ արցախեան պատերազմի ընթացքին նահատակուած հերոս, Հայաստանի ջրագնդակի հաւաքականի խմբապետ Հենրիկ Յակոբեանի անուան ջրագնդակի առաջին յուշամրցաշարքը: «Այս տարի յուշամրցաշարքը ունեցաւ իւրայատուկ ուղերձ` միշտ վառ պահել հայրենիքի եւ հայրենական մարզաշխարհի նուիրեալներուն յանձին` Հենրիկ Յակոբեանի, յիշատակը», նշուեցաւ ֆետերասիոնին հաղորդագրութեան մէջ: Նշուեցաւ, որ իւրաքանչիւր տարի 17 յունիսին «Դու Հայաստանին» կազմակերպութիւնը պիտի աջակցի Հենրիկ Յակոբեանի անուան յուշամրցաշարքի...

«Եւրօ-2020».  Լիւք Տը Եոնկի Համար  Մրցաշարքը Աւարտեցաւ

«Եւրօ-2020». Լիւք Տը Եոնկի Համար Մրցաշարքը Աւարտեցաւ

Սպանական Սեւիլլայի յառաջապահ Լիւք Տը Եոնկի համար «Եւրօ-2020»-ի ֆութպոլի մրցաշարքը աւարտեցաւ` նկատի ունենալով, որ ան իր կատարած փորձերուն ընթացքին վիրաւորուելով վնասեց իր ծունկը, այս մասին յայտնեց Նետերլանտներու ֆութպոլի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը: 30 տարեկան ֆութպոլիստը Նետերլանտներու ֆութպոլի ազգային խումբին հետ մասնակցեցաւ  2 մրցումի: Անոր կազմը խմբակներու դրութեամբ տեղի ունեցած Ա. հանգրուանի մրցումներուն կատարեց երեք մրցում եւ արձանագրեց նոյնքան յաղթանակ:    

«Քոփա-Ամերիքա».  Պրազիլի Երրորդ Յաջորդական Յաղթանակը

«Քոփա-Ամերիքա». Պրազիլի Երրորդ Յաջորդական Յաղթանակը

Ինչպէս ծանօթ է, «Եւրօ-2020»-ի ֆութպոլի մրցաշարքին զուգահեռ տեղի կ՛ունենայ «Քոփա Ամերիքա»-ի ֆութպոլի մրցաշարքը, որուն մրցումները կը կատարուին ուշագրաւ ձեւով: Բ. խմբակին մաս կազմող Պրազիլի ֆութպոլի ազգային խումբը արձանագրեց իր երրորդ յաջորդական յաղթանակը երբ 2-1 արդիւնքով յաղթեց Քոլոմպիոյ: Պրազիլ իր յաղթանակի կոլը նշանակեց մրցումին կորսուած վայրկեաններուն (90+10-րդ)` շնորհիւ Քազեմիրոյի: Պրազիլ այժմ ապահոված է առաւելագոյն 9 կէտը: Իսկ Ա. խմբակին մաս կազմող...

«Եու. Է. Էֆ. Ա.».  Ամառնային «Չեմփիընզ Լիկ» Կրնայ Ստեղծուիլ

«Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ն Ջնջեց Օտար Դաշտի Վրայ Կոլ Նշանակելու Առաւելութիւնը

«ԵՈՒ. Է. ԷՖ. Ա.»-ն պաշտօնապէս յայտարարեց, որ 2020-2021 տարեշրջանէն սկսեալ եւրոպական ֆութպոլի մրցաշարքերուն ընթացքին ջնջեց օտար դաշտի վրայ կոլ նշանակելու առաւելութիւնը: Ինչպէս ծանօթ է, օտար դաշտի վրայ կոլ նշանակած խումբերը, այս առաւելութենէն օգտուելով, կ՛ապահովէին յաջորդ հանգրուանի իրենց տոմսերը: Ասկէ մեկնելով, եթէ պատահի, որ երթուդարձի մրցումներուն արդիւնքները ըլլան հաւասար, պիտի դիմուի երկարաձգման, որմէ ետք` փենալթիներու հարուածներուն: Նշենք, որ այս օրէնքը պիտի...

Լիվըրփուլ Սալահին Եւ Քոնաթէին Արգիլեց  Մասնակցիլ Ողիմպիական Խաղերուն

Լիվըրփուլ Սալահին Եւ Քոնաթէին Արգիլեց Մասնակցիլ Ողիմպիական Խաղերուն

Անգլիական Լիվըրփուլ ֆութպոլի ակումբը ամէն ջանք ի գործ կը դնէ այժմէն իսկ լաւ ձեւով եւ ամբողջական կազմով նախապատրաստուելու յառաջիկայ տարեշրջանին: Ասկէ մեկնելով` ակումբը իր երկու ֆութպոլիստներուն արգիլեց մասնակցիլ ողիմպիական խաղերուն: Լիվըրփուլ մերժեց Եգիպտոսի եւ Ֆրանսայի ֆութպոլի ֆետերասիոններուն որոշումը` արգելք հանդիսանալով, որ եգիպտացի յառաջապահ Մոհամետ Սալահ եւ ֆրանսացի միջնապահ Իպրահիմ Քոնաթէ մասնակցին ողիմպիական խաղերուն ֆութպոլի մրցաշարքին: Ակումբները իրաւունք ունին իրենց ֆութպոլիստներուն...

Էնտի Միւրէյ Պիտի Մասնակցի  Ողիմպիական Խաղերուն

Էնտի Միւրէյ Պիտի Մասնակցի Ողիմպիական Խաղերուն

Նախապէս աշխարհի թենիսի միջազգային դասաւորման մէջ պարագլուխի դիրքը գրաւած Էնտի Միւրէյ ընդգրկուեցաւ Անգլիոյ ազգային խումբին մէջ, որ իր մասնակցութիւնը պիտի բերէ Թոքիոյի մէջ տեղի ունենալիք 32-րդ ամառնային ողիմպիական խաղերուն, այս մասին յայտնեց անգլիական «ՊԻ. ՊԻ. ՍԻ. »-ն: «Ողիմպիական խաղերուն մասնակցիլը մեծ պատիւ է ինծի համար: Անոր պիտի մասնակցիմ չորրորդ անգամ ըլլալով եւ իմ ամէն կարելիս պիտի ընեմ երկրորդ անգամ ըլլալով...

Լոփեթեկի Հրաժարեցաւ  Գլխաւորել Թոթենհամը

Լոփեթեկի Հրաժարեցաւ Գլխաւորել Թոթենհամը

Սպանական Սեւիլլայի գլխաւոր մարզիչ Խիւլեն Լոփեթեկի մերժեց լոնտոնեան Թոթենհամի առաջարկը, այս մասին յայտնեց անոր ակումբին նախագահը` Խոսէ Քասթրօ: Թէեւ անգլիական ակումբը ամէն ճիգ ի գործ դրաւ իր կազմին միացնելու 54 տարեկան մասնագէտը, սակայն ան հրաժարեցաւ գլխաւորել Թոթենհամը: Նշենք, որ անոր հետ Սեւիլլա Սպանիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան նախորդ տարեշրջանին գրաւեց չորրորդ դիրքը եւ իրաւունք ստացաւ իր մասնակցութիւնը բերելու «Չեմփիընզ Լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքին:

Ուսման Տեմպելէ 4 Ամիս  Պիտի Բացակայի Ֆութպոլի Դաշտերէն

Ուսման Տեմպելէ 4 Ամիս Պիտի Բացակայի Ֆութպոլի Դաշտերէն

Ֆրանսայի ֆութպոլի ազգային խումբի եւ Պարսելոնայի յառաջապահ Ուսման Տեմպելէ, որ վիրաբուժութեան պիտի ենթարկուի, 4 ամիս պիտի բացակայի ֆութպոլի դաշտերէն, այս մասին յայտնեց ֆրանսական «Լ'Էքիփ» մարզական օրաթերթը: 24 տարեկան ֆութպոլիստը աջ ազդրի մկանային վնասուածք ստացաւ «Եւրօ-2020»-ի ֆութպոլի մրցաշարքին ընթացքին: Վիրաբուժութեան մասին որոշումը տուաւ քաթալոնական ակումբին բժշկական խմբակը: 2020-2021 տարեշրջանին ան Պարսելոնայի հետ մասնակցեցաւ 44 մրցումի, նշանակեց 11 կոլ եւ կատարեց 5...

Արաբական Ֆութպոլի Բաժակի Մրցաշարք.  Լիբանանի Ազգային Խումբը Ապահովեց Աւարտական  Հանգրուանի Մրցումներուն Իր Տոմսը

Արաբական Ֆութպոլի Բաժակի Մրցաշարք. Լիբանանի Ազգային Խումբը Ապահովեց Աւարտական Հանգրուանի Մրցումներուն Իր Տոմսը

Երէկ` չորեքշաբթի, 23 յունիսին, Լիբանանի ֆութպոլի ազգային խումբը քիչ մը դժուար, բայց կարեւոր յաղթանակ մը արձանագրեց` 1-0 արդիւնքով պարտութեան մատնելով Ճիպութիին, որ միջազգային դասաւորման մէջ կը գտնուի բաւական վարին դիրքերուն վրայ: Մրցումին միակ կոլը նշանակեց Հիլալ Հըլուէ, որ սքանչելի փոխանցում մը ստացաւ Մոհամետ Հայտարէն: Իր արձանագրած այս յաղթանակին շնորհիւ, Լիբանան ապահովեց Արաբական ֆութպոլի բաժակի մրցաշարքի աւարտական հանգրուանի իր տոմսը: Աւարտական...

Կռփամարտ.  Հայաստանի Երկու Ներկայացուցիչներ  Ապահովեցին Աւարտականի Իրենց Տոմսերը

Կռփամարտ. Հայաստանի Երկու Ներկայացուցիչներ Ապահովեցին Աւարտականի Իրենց Տոմսերը

Իտալիոյ մէջ տեղի ունեցող Եւրոպայի 22 տարեկանէն վար կռփամարտի ախոյեանութեան Հայաստանի ներկայացուցիչներուն բացառիկ արդիւնքները կը շարունակուին: Հայաստանի կռփամարտի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը յայտնեց, որ հայրենի երկու մարզիկներ` Արթուր Բազէեան (56 քկ) եւ Համբարձում Յակոբեան (81 քկ) իրենց արձանագրած տպաւորիչ արդիւնքներուն շնորհիւ ապահովեցին աւարտական հանգրուանի իրենց տոմսերը: Անոնք աւարտականի իրենց ճակատումները պիտի կատարեն այսօր` հինգշաբթի, 24 յունիսին:

Ճատրակ.  Լեւոն Արոնեան Հայաստանը Պիտի  Ներկայացնէ Աշխարհի Բաժակի Մրցաշարքին

Ճատրակ. Լեւոն Արոնեան Հայաստանը Պիտի Ներկայացնէ Աշխարհի Բաժակի Մրցաշարքին

Աշխարհի ճատրակի բաժակի մրցաշարքին Հայաստան պիտի ունենայ հինգ մասնակից, այս մասին յայտնեց ճատրակի միջազգային ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը: Այս մրցաշարքին Հայաստանը պիտի ներկայացնեն Լեւոն Արոնեան, Հայկ Մ. Մարտիրոսեան, Շանթ Սարգսեան, Յովհաննէս Գաբուզեան եւ Գաբրիէլ Սարգսեան: Նաք աութի դրութեամբ տեղի ունենալիք այս մրցաշարքին պիտի մասնակցին 156 ճատրակ խաղացողներ: Աշխարհի բաժակի այս մրցաշարքը տեղի պիտի ունենայ 10 յուլիսէն 8 օգոստոսին, Սոչիի մէջ (Ռուսիա):...

Հայկական Ֆութպոլ.  Ալիկ Առաքելեան Միացաւ Արարատ-Երեւանի

Հայկական Ֆութպոլ. Ալիկ Առաքելեան Միացաւ Արարատ-Երեւանի

Հայաստանի ֆութպոլի բարձրագոյն դասակարգին մէջ ելոյթ ունեցող կազմերէն Արարատ-Երեւանի մամլոյ քարտուղարութիւնը յայտնեց, որ ակումբը պայմանագրութիւն մը ստորագրած է 25 տարեկան միջնապահ Ալիկ Առաքելեանի հետ: Երիտասարդ ֆութպոլիստը նախապէս բարձրագոյն դասակարգին մէջ հանդէս գալու փորձառութիւն ունի: Ան իր մասնակցութիւնը բերած է 190 մրցումի եւ նշանակած 21 կոլ: Ան 2012-2015 ժամանակամիջոցին մաս կազմած է Միքայի, իսկ 2015-էն մինչեւ նախորդ տարեշրջանին աւարտը` Փիւնիկ Երեւանի:...

Արմէն Մանուչարեան Հեռացաւ Աքթոպէէն

Արմէն Մանուչարեան Հեռացաւ Աքթոպէէն

Փիւնիկ Երեւանի նախկին խմբապետ Արմէն Մանուչարեան հեռացաւ Աքթոպէէն, այս մասին յայտնեց ղազախական ակումբին մամլոյ քարտուղարութիւնը: Կողմերը երկկողմանի համաձայնութեամբ խզեցին իրարու հետ իրենց ստորագրած պայմանագրութիւնը: 26 տարեկան ֆութպոլիստը այս տարուան փետրուարին ռուսական Ռոթորէն տեղափոխուեցաւ Աքթոպէ, որուն հետ մասնակցեցաւ Ղազախստանի ֆութպոլի ախոյեանութեան 11 մրցումի: Ան նախորդ քանի մը մրցումներէն բացակայեցաւ` վիրաւոր ըլլալուն պատճառով: Նշենք, որ Արմէն Մանուչարեան Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականին հետ...

Միշել Տէր Զաքարեան` Պրեսթի  Գլխաւոր Մարզիչ

Միշել Տէր Զաքարեան` Պրեսթի Գլխաւոր Մարզիչ

Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի նախկին ֆութպոլիստ, ֆրանսահայ Միշել Տէր Զաքարեան, նշանակուեցաւ ֆրանսական Պրեսթի գլխաւոր մարզիչ, այս գծով յայտնեց ֆրանսական ակումբին մամլոյ քարտուղարութիւնը: Նշենք, որ 58 տարեկան մասնագէտը նախորդ մայիսին հեռացաւ Մոնփելիէէն, որուն մարզիչ նշանակուած էր 2017-ին: Ֆրանսայի ֆութպոլի աւարտած ախոյեանութեան, Մոնփելիէ 54 կէտով գրաւեց 8-րդ դիրքը, մինչ Պրեսթ հանդիսացաւ 17-րդ: Ֆութպոլիստի իր արհեստավարժ ասպարէզին ընթացքին Միշել Տէր Զաքարեան Մոնփելիէին մաս...

Իտալական Ֆութպոլ.  Մխիթարեանի Կոլը Ճանչցուեցաւ Նախորդ  Տարեշրջանի Ակումբին Լաւագոյնը

Իտալական Ֆութպոլ. Մխիթարեանի Կոլը Ճանչցուեցաւ Նախորդ Տարեշրջանի Ակումբին Լաւագոյնը

Ա. Էս. Ռոմայի ֆութպոլի համակիրներուն քուէարկութեամբ, Իտալիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան («Քալչիօ») նախորդ տարեշրջանին հռոմեան ակումբին լաւագոյն կոլի հեղինակը, Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի միջնապահ Հենրիխ Մխիթարեանն է: Իտալիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան 2020-2021 տարեշրջանի 8-րդ հանգրուանին Ա. Էս. Ռոմա իր դաշտին վրայ 3-0 արդիւնքով յաղթեց Փարմային: Այս մրցումին Մխիթարեան տուպլէ մը իրագործեց: Անոր նշանակած կոլերէն մէկը ճանչցուեցաւ իբրեւ ակումբին տարեշրջանի լաւագոյն կոլը:  

Page 494 of 1279 1 … 493 494 495 … 1,279

Արխիւներ