Ինչպէս ծանօթ է, «Եւրօ-2020»-ի ֆութպոլի մրցաշարքին զուգահեռ տեղի կ՛ունենայ «Քոփա Ամերիքա»-ի ֆութպոլի մրցաշարքը, որուն մրցումները կը կատարուին ուշագրաւ ձեւով:
Բ. խմբակին մաս կազմող Պրազիլի ֆութպոլի ազգային խումբը արձանագրեց իր երրորդ յաջորդական յաղթանակը երբ 2-1 արդիւնքով յաղթեց Քոլոմպիոյ:
Պրազիլ իր յաղթանակի կոլը նշանակեց մրցումին կորսուած վայրկեաններուն (90+10-րդ)` շնորհիւ Քազեմիրոյի:
Պրազիլ այժմ ապահոված է առաւելագոյն 9 կէտը:
Իսկ Ա. խմբակին մաս կազմող Արժանթին ցարդ իր կատարած երեք մրցումներուն արձանագրած է երկու յաղթանակ եւ հաւասարութիւն մը: