Փիւնիկ Երեւանի նախկին խմբապետ Արմէն Մանուչարեան հեռացաւ Աքթոպէէն, այս մասին յայտնեց ղազախական ակումբին մամլոյ քարտուղարութիւնը:
Կողմերը երկկողմանի համաձայնութեամբ խզեցին իրարու հետ իրենց ստորագրած պայմանագրութիւնը:
26 տարեկան ֆութպոլիստը այս տարուան փետրուարին ռուսական Ռոթորէն տեղափոխուեցաւ Աքթոպէ, որուն հետ մասնակցեցաւ Ղազախստանի ֆութպոլի ախոյեանութեան 11 մրցումի:
Ան նախորդ քանի մը մրցումներէն բացակայեցաւ` վիրաւոր ըլլալուն պատճառով:
Նշենք, որ Արմէն Մանուչարեան Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականին հետ իր նորամուտը նշեց 2017-ին` անոր շապիկը կրելով երկու անգամ:



