Սպանական Սեւիլլայի յառաջապահ Լիւք Տը Եոնկի համար «Եւրօ-2020»-ի ֆութպոլի մրցաշարքը աւարտեցաւ` նկատի ունենալով, որ ան իր կատարած փորձերուն ընթացքին վիրաւորուելով վնասեց իր ծունկը, այս մասին յայտնեց Նետերլանտներու ֆութպոլի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը:
30 տարեկան ֆութպոլիստը Նետերլանտներու ֆութպոլի ազգային խումբին հետ մասնակցեցաւ 2 մրցումի:
Անոր կազմը խմբակներու դրութեամբ տեղի ունեցած Ա. հանգրուանի մրցումներուն կատարեց երեք մրցում եւ արձանագրեց նոյնքան յաղթանակ: