Մարզական

Կռփամարտիկ Յովհաննէս Բաչքով Ապահովեց Ողիմպիական Խաղերու Իր Տոմսը

Կռփամարտիկ Յովհաննէս Բաչքով Ապահովեց Ողիմպիական Խաղերու Իր Տոմսը

Հայաստանի Ազգային ողիմպիական կոմիտէին մամլոյ քարտուղարութիւնը կը տեղեկացնէ, որ Հայաստանի ողիմպիական հաւաքականը երէկ համալրուեցաւ յաւելեալ մարզիկով մը: Թոքիոյի 32-րդ ամառնային ողիմպիական խաղերուն իր տոմսը ապահովեց նաեւ Հայաստանի կռփամարտի հաւաքականի անդամ, Եւրոպայի եւ եւրոպական խաղերու ախոյեան, աշխարհի ախոյեանութեան պրոնզէ մետալակիր, Ռիոյի ողիմպիական խաղերուն մասնակցած Յովհաննէս Բաչքով: Այսպիսով, ներկայ դրութեամբ Հայաստան ունի ողիմպիականի 15 տոմս:

Հայաստանի Ֆութպոլի Ախոյեանութեան Ընթացքին Պիտի Կիրարկուի «Վար» Համակարգը

Հայաստանի Ֆութպոլի Ախոյեանութեան Ընթացքին Պիտի Կիրարկուի «Վար» Համակարգը

Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը կը տեղեկացնէ, որ Հայաստանի ֆութպոլի ախոյեանութեան ընթացքին պիտի կիրարկուի «ՎԱՐ» համակարգը: Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին համագումարին ընթացքին այս մասին յայտարարեց ֆետերասիոնի նախագահ Արմէն Մելիքբէկեան: «Մենք սկսանք այս համակարգը ներդրելու հոլովոյթին, որ պիտի տեւէ 8-10 ամիս: Հոլովոյթը քիչ մը բարդ է, բայց մեր ամէն կարելին պիտի ընենք, որպէսզի կարելի եղածին չափ շուտ ընտելանանք անոր», ըսաւ Մելիքբէկեան:

Աթլեթիզմ.   Ամերիկացի Մաքլաֆլին Աշխարհի Նոր Մրցանիշ Մը Հաստատեց

Աթլեթիզմ. Ամերիկացի Մաքլաֆլին Աշխարհի Նոր Մրցանիշ Մը Հաստատեց

Միացեալ Նահանգներու մէջ տեղի ունեցող աթլեթիզմի ողիմպիական խաղերուն զտումի մրցումներուն ծիրին մէջ, ամերիկացի Սիտնի Մաքլաֆլին աղջկանց 400 մեթր արգելարշաւի մրցումներուն արձանագրելով 51,9 արդիւնք մը, աշխարհի նոր մրցանիշ մը հաստատեց: Այսպիսով, 21 տարեկան ամերիկացին կոտրեց 2019-ին աշխարհի ախոյեանութեան ընթացքին հաստատուած նախկին մրցանիշը (52,16): Այստեղ պէտք է նշել, որ աթլեթիզմի այս մրցումները տեղի ունեցան բարձր ջերմաստիճանի պայմաններուն մէջ:

Ռէալ Մատրիտ 50 Միլիոն Եւրօ Կ՛առաջարկէ Սեւիլլայի Միջնապահին Համար

Ռէալ Մատրիտ 50 Միլիոն Եւրօ Կ՛առաջարկէ Սեւիլլայի Միջնապահին Համար

Սպանական մարզական մամուլը նախորդ շաբաթավերջին կարեւորութեամբ անդրադարձաւ այն լուրին, որ Ռէալ Մատրիտ մեծ աշխատանք կը տանի իր կազմին միացնելու Սեւիլլայի յետսապահ Ժիւլ Քունտէն: Նշուեցաւ, որ արքայական ակումբը անոր համար պատրաստ է վճարելու 50 միլիոն եւրօ, սակայն Սեւիլլա իր ֆութպոլիստին համար կը պահանջէ 80 միլիոն եւրօ: Ըստ շրջան ընող լուրերուն, 22 տարեկան ֆութպոլիստը Ֆրանսայի ազգային խումբի իր խմբակիցներուն` Քարիմ Պենզեմային եւ...

Թենիս. Ուիմպըլտըն. Խաչանովի Եւ Ճոքովիչի Յաղթական Մեկնարկը

Թենիս. Ուիմպըլտըն. Խաչանովի Եւ Ճոքովիչի Յաղթական Մեկնարկը

Ցիցիփաս Դուրս Մնաց Մրցաշարքէն Երէկ` երկուշաբթի, 28 յունիսին ազդանշանը տրուեցաւ Ուիմպըլտընի թենիսի կրան-շլեմի միջազգային բաց մրցաշարքին, երբ կատարուեցան տղոց եւ աղջկանց Ա. հանգրուանի շարք մը ճակատումներ: Տղոց մրցումներուն, թիւ 1 դասուած սերպ Նովաք Ճոքովիչ ապահովեց Բ. հանգրուանի իր տոմսը, երբ 4-6, 6-1, 6-2 արդիւնքով պարտութեան մատնեց աշխարհի դասաւորման 253-րդ դիրքին վրայ գտնուող անգլիացի Ճեք Տրեփըրը: Իր կարգին, Բ. հանգրուանի իր...

Ֆութսալ.  ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ Ամրապնդեց Պարագլուխի Իր Դիրքը

Ֆութսալ. ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ Ամրապնդեց Պարագլուխի Իր Դիրքը

Լիբանանի ֆութսալի Գ. դասակարգի ախոյեանութեան 6-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, նախորդ շաբաթավերջին ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտի տինամիք կազմը բաւական շռնդալից յաղթանակ մը արձանագրեց, երբ 13-4 արդիւնքով ծանր պարտութեան մատնեց Ահլի Սայտան (կիսախաղ` 6-1): ՀՄԸՄ-ի կազմին կոլերը նշանակեցին Վաչէ Ղուկասեան (6-րդ եւ 28-րդ), Քամալ Ահրաժ (6-րդ, 34-րդ եւ 34-րդ), Աւագ Պալապանեան (7-րդ եւ 19-րդ), Ներսէս Գիւլխանճեան (8-րդ եւ 30-րդ), Յարութ Մումջողլեան (15-րդ),...

Լիբանանեան Ֆութպոլ.  ՀՄԸՄ – Իթթիհատ Հարեթ Նաամէ` 0-1

Լիբանանեան Ֆութպոլ. ՀՄԸՄ – Իթթիհատ Հարեթ Նաամէ` 0-1

  Լիբանանի ֆութպոլի Գ. դասակարգի ախոյեանութեան 14-րդ եւ վերջին հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, շաբաթ, 26 յունիսին, ՀՄԸՄ-ի ֆութպոլի ներկայացուցչական խումբը Ճիւնիի «Ֆուատ Շեհապ» մարզադաշտին վրայ մրցեցաւ Իթթիհատ Հարեթ Նաամէի դէմ: Մնալու համար Գ. դասակարգին մէջ` ՀՄԸՄ պէտք էր առաւելագոյն երեք կէտը ապահովէր իր մրցակիցէն: Սակայն դժբախտաբար այդպէս չպատահեցաւ,  եւ ՀՄԸՄ 1-0 արդիւնքով պարտութիւն մը կրելով իր մրցակիցէն, փոխադրուեցաւ Դ. դասակարգ:

«Եւրօ-2020».  Դանիա, Իտալիա, Չեխիա Եւ Պելճիքա Ապահովեցին Քառորդ Աւարտականի Իրենց Տոմսերը

«Եւրօ-2020». Դանիա, Իտալիա, Չեխիա Եւ Պելճիքա Ապահովեցին Քառորդ Աւարտականի Իրենց Տոմսերը

Երկու օրուան դադարէ եւ հանգիստէ ետք, երէկ եւ նախանցեալ օր կատարուեցան «Եւրօ-2020»-ի ֆութպոլի մրցաշարքի 1-16-րդ հանգրուանի չորս մրցումներ: Ինչպէս ծանօթ է, խմբակներու դրութեամբ մրցումները աւարտած են եւ պարտուող կազմերը դուրս կը մնան մրցաշարքէն: Շաբաթ օր, Դանիա եւ Իտալիա ապահովեցին քառորդ աւարտականի իրենց տոմսերը, յաջորդաբար յաղթելէ ետք Կալեսի (4-0) եւ Աւստրիոյ (2-1, երկարաձգումէն ետք): Դանիայէն տուպլէ մը իրագործեց Քասպեր Տոլպեր: Իսկ...

Վահան Բիչախչեան` Կոլի Հեղինակ

Վահան Բիչախչեան` Կոլի Հեղինակ

Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի միջնապահ Վահան Բիչախչեան նախորդ շաբաթավերջին իր ակումբին` Ժիլինայի հետ (Սլովենիա) դարձաւ կոլի հեղինակ: Պրաւօ խումբին դէմ տեղի ունեցած ֆութպոլի բարեկամական մրցումին անոր կազմը արձանագրեց 3-1 արդիւնքով յաղթանակ մը: 21 տարեկան ֆութպոլիստը մրցումին 61-րդ վայրկեանին նշանակեց իր կազմին առաջին կոլը:

«Ֆորմիւլա – 1».  Մաքս Վերսթափեն Յաղթական` Աւստրիոյ «Կրան Փրի»-ին

«Ֆորմիւլա – 1». Մաքս Վերսթափեն Յաղթական` Աւստրիոյ «Կրան Փրի»-ին

Երէկ` կիրակի, 27 յունիսին տեղի ունեցաւ «Ֆորմիւլա-1»-ի 2021-ի աշխարհի ախոյեանութեան  8-րդ հանգրուանի «կրան փրի»-ն, Սթիրիըն վազքուղիին վրայ (Աւստրիա): Անիկա աւարտեցաւ «Ռետ Պուլ»-ի նետերլանտցի վարորդ` Մաքս Վերսթափենի յաղթանակով, որ ժամանման գիծ հասաւ արձանագրելով 1 ժամ 22 վայրկեան 18 երկվայրկեան արդիւնք մը: Անոր ետին երկրորդ դիրքը գրաւեց «Մերսետես»-ի անգլիացի վարորդ Լուիս Հեմիլթըն, մինչ լաւագոյն եռեակը ամբողջացուց «Մերսետես»-ի երկրորդ վարորդը`  ֆինլանտացի Վալթերի Թոթթաս:...

Մարսելօ` Ռէալ Մատրիտի Նոր Խմբապետը

Մարսելօ` Ռէալ Մատրիտի Նոր Խմբապետը

Սպանիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան («Լա Լիկա») 2021-2022 տարեշրջանին Ռէալ Մատրիտի խմբապետի պաշտօնը պիտի վստահուի պրազիլցի յետսապահ Մարսելոյին, այս մասին յայտնեց արքայական ակումբի նախագահ Ֆլորենթինօ Փերես: Նշենք, որ 33 տարեկան Մարսելօ 2007-էն ի վեր ելոյթ կ՛ունենայ մայրաքաղաքի կազմին հետ: Վերջին տարիներուն Ռէալ Մատրիտի խմբապետն էր Սերճիօ Ռամոս, որ այս շաբաթասկիզբին հեռացաւ խումբէն:  

Համակիրներուն Պիտի Թոյլատրուի Ներկայ Գտնուիլ «Լա Լիկա»-ի Մրցումներուն

Համակիրներուն Պիտի Թոյլատրուի Ներկայ Գտնուիլ «Լա Լիկա»-ի Մրցումներուն

Սպանական մարզական մամուլը յայտնեց, որ Սպանիոյ կառավարութիւնը թոյլատրեց Սպանիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան («Լա Լիկա») 2021-2022 տարեշրջանի մրցումները սկսիլ համակիրներով: Ցարդ յստակ չէ սակայն, որ մարզադաշտերը ամբողջութեամբ պիտի լեցուի՞ն, թէ՞ ոչ: Ըստ ոչպաշտօնական լուրերուն, պիտի արտօնուի դաշտերը լեցնել միայն 75 տոկոսով: Նշենք, որ Սպանիոյ աւարտած ախոյեանութեան վերջին քանի մը հանգրուանի մրցումներուն հանգրուանային ձեւով արտօնուեցաւ համակիրներուն դաշտ մուտքը:

Լիբանանեան Պասքեթպոլ.  ՀՄԸՄ Անթիլիաս Ապահովեց Ֆայնըլ Ֆորի  Մրցումներուն Իր Տոմսը

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. ՀՄԸՄ Անթիլիաս Ապահովեց Ֆայնըլ Ֆորի Մրցումներուն Իր Տոմսը

Լիբանանի պասքեթպոլի աղջկանց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 9-րդ հանգրուանէն յետաձգուած մրցումի մը ընթացքին, ՀՄԸՄ Անթիլիաս 70-50 արդիւնքով յաղթելէ ետք Անդրանիկ Սին Էլ Ֆիլին, ապահովեց ֆայնըլ ֆորի մրցումներուն իր տոմսը: «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան» մարզադաշտին վրայ կատարուած այս մրցումը ընթացաւ հետեւեալ ձեւով. 19-12, 37-19, 52-29 եւ 70-50:

Լիբանանեան Ֆութպոլ.  Այսօր` ՀՄԸՄ-Իթթիհատ Հարեթ Նաամէ  Ճակատագրական Մրցումը

Լիբանանեան Ֆութպոլ. Այսօր` ՀՄԸՄ-Իթթիհատ Հարեթ Նաամէ Ճակատագրական Մրցումը

Լիբանանի ֆութպոլի Գ. դասակարգի ախոյեանութեան 14-րդ եւ վերջին հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, այսօր` շաբաթ, 26 յունիսին, ՀՄԸՄ-ի ֆութպոլի ներկայացուցչական խումբը կը մրցի Իթթիհատ Հարեթ Նաամէի դէմ: Այս մրցումը, որ տեղի պիտի ունենայ Ճիւնիի քաղաքապետարանի դաշտին վրայ, պիտի սկսի ժամը 16:00-ին: Այս մրցումին արդիւնքէն կախեալ է ՀՄԸՄ-ի Դ. դասակարգ չփոխադրուիլը, կամ` Գ. դասակարգին մէջ գոյատեւելը: Հետեւաբար, ասկէ մեկնելով, ՀՄԸՄ-ի մարզիկները ոչ...

Ֆութսալ.  Այսօր` ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ-Ահլի Սայտա

Ֆութսալ. Այսօր` ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ-Ահլի Սայտա

Լիբանանի ֆութսալի Գ. դասակարգի ախոյեանութեան 6-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, այսօր` շաբաթ, 26 յունիսին ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտի կազմը կը մրցի Ահլի Սայտայի դէմ: Այս մրցումը, որ պիտի սկսի ժամը 19:00-ին, տեղի պիտի ունենայ Էմիլ Լահուտի անուան մարզահամալիրին մէջ (Մար Ռուքոզ):  

Ախոյեան Հանդիսացած Արթուր Բազէեան`  Եւրոպայի 22 Տարեկանէն Վար Ախոյեանութեան  Լաւագոյն Կռփամարտիկը

Ախոյեան Հանդիսացած Արթուր Բազէեան` Եւրոպայի 22 Տարեկանէն Վար Ախոյեանութեան Լաւագոյն Կռփամարտիկը

Հայաստանի կռփամարտի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութենէն կը տեղեկացնէ, որ Հայաստանի ներկայացուցիչ Արթուր Բազէեան ճանչցուեցաւ իբրեւ Եւրոպայի 22 տարեկանէն վար ախոյեանութեան լաւագոյն կռփամարտիկը, 56 քկ դասակարգին մէջ: Հայրենի կռփամարտիկը, որ կատարեց չորս մենամարտ, արձանագրեց նոյնքան յաղթանակ: Նշենք, որ աւարտական մրցումին երէկ Վլատիմիր Ենգիբարեանի անուան մարզադպրոցի սանը նաքաութով յաղթեց իրլանտացի Էտըմ Պրայըն Հեսիոնին: Հայաստանի այլ ներկայացուցիչ մը` Համբարձում Յակոբեան (81 քկ), թէեւ հասաւ...

«Տէյվիս Քափ».  Հայաստանի Խումբը Պարտութեան  Մատնեց Ազրպէյճանը

«Տէյվիս Քափ». Հայաստանի Խումբը Պարտութեան Մատնեց Ազրպէյճանը

Մակեդոնիոյ մայրաքաղաք Սքոփյէի մէջ շարունակուող թենիսի «Տէյվիս-Քափ»-ի մրցաշարքի Բ. հանգրուանի մրցումներուն, Հայաստանի տղոց հաւաքականը, որ մրցեցաւ Ազրպէյճանի դէմ, արձանագրեց 2-1 արդիւնքով յաղթանակ մը: Առաջին սեթին, Սեդրակ Խաչատրեան 6-3 եւ 6-0 արդիւնքով յաղթեց Էլվին Հաշիմովին, 1 ժամ եւ 36 վայրկեան տեւած պայքարէ մը ետք: Երկրորդ սեթին, Միքայէլ Աւետիսեան 7-5 եւ 6-4 արդիւնքով պարտուեցաւ Տամերլան Ազիզովէն: Այս մրցումը տեւեց 1 ժամ 51...

Հայաստանի Ֆութպոլի Ֆետերասիոնը  Իր Պայմանագրութիւնը Երկարաձգեց  Խոաքին Քափարոսի Հետ

Հայաստանի Ֆութպոլի Ֆետերասիոնը Իր Պայմանագրութիւնը Երկարաձգեց Խոաքին Քափարոսի Հետ

Երէկ` ուրբաթ, 25 յունիսին, պաշտօնական յայտարարութեան մը մէջ Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնը նշեց, որ իր պայմանագրութիւնը երկարաձգեց ֆութպոլի ազգային հաւաքականի գլխաւոր մարզիչ, սպանացի Խոաքին Քափարոսի հետ: 15 հոկտեմբեր 1955-ին ծնած Քափարոս իր պաշտօնը ստանձնեց մարտ 2020-ին: Նախքան իր այս պաշտօնը ստանձնելը, 2019-ին ան Սեւիլլայի նահանգին կողմէն պարգեւատրուած էր ոսկիէ մետալով: Մարզիչի իր արհեստավարժ ասպարէզին ընթացքին ան եղած է բազմաթիւ ակումբներու մարզիչ:...

Թոքիօ-2020.  Ալեքսանեան Եւ Չալեան` Ամէնէն Բարձր  Վարկանիշով Ըմբիշներու  Կարգին

Թոքիօ-2020. Ալեքսանեան Եւ Չալեան` Ամէնէն Բարձր Վարկանիշով Ըմբիշներու Կարգին

Ըմբշամարտի միջազգային ֆետերասիոնը ներկայացուց Ճափոնի մայրաքաղաք Թոքիոյի մէջ տեղի ունենալիք 32-րդ ամառնային ողիմպիական խաղերու յունահռոմէական ըմբշամարտի մրցաշարքի քաշային կարգերուն լաւագոյն քառեակները: Ռիօ-2016-ի ողիմպիական խաղերու ախոյեան, աշխարհի եռակի եւ Եւրոպայի հնգակի ախոյեան, եւրոպական խաղերու ախոյեան Արթուր Ալեքսանեան երկրորդն է 97 քկ քաշային կարգին մէջ, ուր յառաջատարն է ռուս Մուսա Եւլոյեւ: Եւրոպական խաղերու փոխախոյեան Կարապետ Չալեան, երրորդն է 77 քկ քաշային կարգին...

Եւրոպայի Ախոյեանութիւն.  Հայաստանի Ազատ Ոճի Ըմբշամարտի  Երիտասարդական Հաւաքականին Կազմը

Եւրոպայի Ախոյեանութիւն. Հայաստանի Ազատ Ոճի Ըմբշամարտի Երիտասարդական Հաւաքականին Կազմը

Հայաստանի ըմբշամարտի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը երէկ հրապարակեց Հայաստանի ազատ ոճի ըմբշամարտի երիտասարդական հաւաքականին կազմը, որ իր մասնակցութիւնը պիտի բերէ գերմանական Տորթմունտ քաղաքին մէջ տեղի ունենալիք Եւրոպայի երիտասարդական ախոյեանութեան: Եւրոպայի ախոյեանութեան Հայաստանը պիտի ներկայացնեն Մանուէլ Խնձրցեան (57 քկ), Լեւիկ Միքայէլեան (61 քկ), Տիգրան Ղազարեան (65 քկ), Նարեկ Յարութիւնեան (70 քկ), Մուշեղ Մկրտչեան (74 քկ), Կնեազ Իբոյեան (79 քկ), Սերկէյ Սարգսեան (92...

Page 493 of 1279 1 … 492 493 494 … 1,279

Արխիւներ