«ԵՈՒ. Է. ԷՖ. Ա.»-ն պաշտօնապէս յայտարարեց, որ 2020-2021 տարեշրջանէն սկսեալ եւրոպական ֆութպոլի մրցաշարքերուն ընթացքին ջնջեց օտար դաշտի վրայ կոլ նշանակելու առաւելութիւնը:
Ինչպէս ծանօթ է, օտար դաշտի վրայ կոլ նշանակած խումբերը, այս առաւելութենէն օգտուելով, կ՛ապահովէին յաջորդ հանգրուանի իրենց տոմսերը:
Ասկէ մեկնելով, եթէ պատահի, որ երթուդարձի մրցումներուն արդիւնքները ըլլան հաւասար, պիտի դիմուի երկարաձգման, որմէ ետք` փենալթիներու հարուածներուն:
Նշենք, որ այս օրէնքը պիտի գործադրուի «Չեմփիընզ-Լիկ»-ի, «Եուրոփա-Լիկ»-ի, միջցամաքամասային, ինչպէս նաեւ աղջկանց եւ պատանեկան մրցաշարքերուն ընթացքին: