Սպանական Սեւիլլայի գլխաւոր մարզիչ Խիւլեն Լոփեթեկի մերժեց լոնտոնեան Թոթենհամի առաջարկը, այս մասին յայտնեց անոր ակումբին նախագահը` Խոսէ Քասթրօ:
Թէեւ անգլիական ակումբը ամէն ճիգ ի գործ դրաւ իր կազմին միացնելու 54 տարեկան մասնագէտը, սակայն ան հրաժարեցաւ գլխաւորել Թոթենհամը:
Նշենք, որ անոր հետ Սեւիլլա Սպանիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան նախորդ տարեշրջանին գրաւեց չորրորդ դիրքը եւ իրաւունք ստացաւ իր մասնակցութիւնը բերելու «Չեմփիընզ Լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքին: