Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը կը տեղեկացնէ, որ շուտով ազդանշանը պիտի տրուի Լիբանանի պասքեթպոլի 14 տարեկանէն վար տղոց եւ աղջկանց 2020-2021 տարեշրջանի տարիքային ախոյեանութեան:
Կը կարծուի, որ մօտիկ ապագային ֆետերասիոնը պիտի հրապարակէ մասնակցող խումբերուն անունները, երբ վերջնականապէս յստականան տարիքային ախոյեանութեան մասնակցող բոլոր խումբերուն անունները:
Նշենք, որ ֆետերասիոնը այս ախոյեանութեան մասնակցիլ ուզող ակումբներուն վերջին պայմանաժամ ճշդած է երեքշաբթի, 29 յունիսը: