Նախապէս աշխարհի թենիսի միջազգային դասաւորման մէջ պարագլուխի դիրքը գրաւած Էնտի Միւրէյ ընդգրկուեցաւ Անգլիոյ ազգային խումբին մէջ, որ իր մասնակցութիւնը պիտի բերէ Թոքիոյի մէջ տեղի ունենալիք 32-րդ ամառնային ողիմպիական խաղերուն, այս մասին յայտնեց անգլիական «ՊԻ. ՊԻ. ՍԻ. »-ն:
«Ողիմպիական խաղերուն մասնակցիլը մեծ պատիւ է ինծի համար: Անոր պիտի մասնակցիմ չորրորդ անգամ ըլլալով եւ իմ ամէն կարելիս պիտի ընեմ երկրորդ անգամ ըլլալով տիրանալ տղոց տիտղոսին», ըսաւ Միւրէյ:
Նշենք, որ այժմ 34 տարեկան Միւրէյ Ռիօ-2016-ի նախորդ ողիմպիականի խաղերուն թենիսի մրցաշարքի աւարտականին յաղթած էր արժանթինցի Խուան Մարթին Տել Փոթրոյին:
Ողիմպիական խաղերը տեղի պիտի ունենան 23 յուլիսէն 8 օգոստոսին: