Գերմանիոյ ֆութպոլի ֆետերասիոնը երէկ հրապարակեց Գերմանիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան («Պունտըսլիկա») 2021-2022 տարեշրջանի մրցումներուն յայտագիրը:
Տարեշրջանի բացման մրցումին, երկրին գործող ախոյեանը` Պայէրն Միւնիխ հիւրը պիտի ըլլայ Պորուսիա Մէօնշընկլատպախին:
Այս մրցումը տեղի պիտի ունենայ 13 օգոստոսին:
Անոր յաջորդող օրը, Պորուսիա Տորթմունտ պիտի հիւրընկալէ Այնթրախթ Ֆրանքֆորթը, մինչ Լայփցիկ հիւրը պիտի ըլլայ Մայնց-05-ին:
Ախոյեանութեան վերջին` 34-րդ հանգրուանի մրցումը տեղի պիտի ունենայ 14 մայիս 2022-ին:



