Խթանիչ դեղերու քննութիւններ կատարող գործակալութիւնը («ԱՅ. ԹԻ. ԷՅ. »), Եւրոպայի ծանրաբարձութեան ֆետերասիոնի («Ի. ՏԱՊԸԼԻՈՒ. ԷՖ. ») թուրք նախագահ Հասան Աքուսին մեղադրեց թուրք ծանրաբարձներու խթանիչ դեղերու գործածութեան համար կատարուած քննութիւններուն արդիւնքները քողարկելու յանցանքով:
«ԱՅ. ԹԻ. ԷՅ. »-ի մամլոյ քարտուղարութիւնը յայտնեց, որ 2013-ին, Թուրքիոյ ծանրաբարձութեան ֆետերասիոնի նախագահի պաշտօնին վրայ գտնուող Աքուսի կը նկատուի գլխաւոր յանցաւորը` այդ 16 ծանրաբարձներուն դրական արդիւնքները գաղտնի պահելու եւ զանոնք չհրապարակելու համար:
Մեղադրանքներ ներկայացուած են այլ անձերու դէմ ալ, որոնց մասին յաւելեալ մանրամասնութիւններ պիտի հրապարակուին յառաջիկային: