Հայաստանի ջրագնդակի ֆետերասիոնը կը հաղորդէ, որ տեղի ունեցաւ արցախեան պատերազմի ընթացքին նահատակուած հերոս, Հայաստանի ջրագնդակի հաւաքականի խմբապետ Հենրիկ Յակոբեանի անուան ջրագնդակի առաջին յուշամրցաշարքը:
«Այս տարի յուշամրցաշարքը ունեցաւ իւրայատուկ ուղերձ` միշտ վառ պահել հայրենիքի եւ հայրենական մարզաշխարհի նուիրեալներուն յանձին` Հենրիկ Յակոբեանի, յիշատակը», նշուեցաւ ֆետերասիոնին հաղորդագրութեան մէջ:
Նշուեցաւ, որ իւրաքանչիւր տարի 17 յունիսին «Դու Հայաստանին» կազմակերպութիւնը պիտի աջակցի Հենրիկ Յակոբեանի անուան յուշամրցաշարքի կայացման: