Կազմակերպութեամբ «Սփորթց Մանիա» ընկերութեան, գործակցութեամբ եւ հսկողութեամբ Լիբանանի թենիսի ֆետերասիոնին, ազդանշանը տրուեցաւ բացառիկ յատկութիւններ ունեցողներու թենիսի զտումի Ա. հանգրուանի մրցաշարքին:
Անիկա տեղի ունեցաւ Նահտա Պէյրութ ակումբին մէջ` ներկայութեամբ Լիբանանի թենիսի ֆետերասիոնի նախագահ Օլիվըր Ֆայսալի:
Նշենք, որ կատարուեցան 10, 14 եւ 18 տարեկանէն վար տղոց եւ աղջկանց մրցումները` բաւական հետաքրքրական եւ տաք մթնոլորտի մը մէջ:
Բ. հանգրուանի մրցումները տեղի պիտի ունենան 27 յունիսին, Միրամար ակումբին մէջ (հիւսիսային Լիբանան):
Ֆետերասիոնը նշեց, որ բոլոր անոնք, որոնք կ՛ուզեն մասնակցիլ այդ մրցումներուն, մինչեւ անոնց կայացման նախորդող օրը կրնան իրենց անունները արձանագրել: