Հայաստանի ֆութպոլի բարձրագոյն դասակարգին մէջ ելոյթ ունեցող կազմերէն Արարատ-Երեւանի մամլոյ քարտուղարութիւնը յայտնեց, որ ակումբը պայմանագրութիւն մը ստորագրած է 25 տարեկան միջնապահ Ալիկ Առաքելեանի հետ:
Երիտասարդ ֆութպոլիստը նախապէս բարձրագոյն դասակարգին մէջ հանդէս գալու փորձառութիւն ունի: Ան իր մասնակցութիւնը բերած է 190 մրցումի եւ նշանակած 21 կոլ:
Ան 2012-2015 ժամանակամիջոցին մաս կազմած է Միքայի, իսկ 2015-էն մինչեւ նախորդ տարեշրջանին աւարտը` Փիւնիկ Երեւանի:
Նշենք, որ Ալիկ Առաքելեան 16 անգամ կրած է Հայաստանի երիտասարդական հաւաքականին շապիկը, իսկ մէկ անգամ ալ` ազգային հաւաքականին մարզաշապիկը: