Երէկ` չորեքշաբթի, 23 յունիսին, Լիբանանի ֆութպոլի ազգային խումբը քիչ մը դժուար, բայց կարեւոր յաղթանակ մը արձանագրեց` 1-0 արդիւնքով պարտութեան մատնելով Ճիպութիին, որ միջազգային դասաւորման մէջ կը գտնուի բաւական վարին դիրքերուն վրայ:
Մրցումին միակ կոլը նշանակեց Հիլալ Հըլուէ, որ սքանչելի փոխանցում մը ստացաւ Մոհամետ Հայտարէն:
Իր արձանագրած այս յաղթանակին շնորհիւ, Լիբանան ապահովեց Արաբական ֆութպոլի բաժակի մրցաշարքի աւարտական հանգրուանի իր տոմսը:
Աւարտական հանգրուանի մրցումները տեղի պիտի ունենան յառաջիկայ տարեսկիզբին, Տոհայի մէջ (Քաթար):