Մարզական

Մեսսի Կրկնեց Մասքերանոյի  Մրցանիշը

Մեսսի Կրկնեց Մասքերանոյի Մրցանիշը

Արժանթինի ֆութպոլի ազգային խումբի յառաջապահ Լիոնել Մեսսի նախանցեալ օր կրկնեց Խաւիէ Մասքերանոյի հաստատած մրցանիշը, ազգային խումբին հետ կատարած մրցումներուն քանակով: «Քոփա-Ամերիքա» ֆութպոլի մրցաշարքին ծիրին մէջ, Պարսելոնայի 33 տարեկան ֆութպոլիստը Արժանթինի հետ կատարեց իր 147-րդ մրցումը, Փարակուէյի դէմ արձանագրուած յաղթանակին ընթացքին (1-0): Նոյնքան մրցում կատարած Մասքերանօ շնորհաւորեց Մեսսին` անոր ձեռք ձգած այս յաջողութեան համար:  

«Եւրօ-2020».  Գերմանիա Պարտութենէ Մը Փրկուեցաւ  Եւ Ապահովեց 1-16-րդ Հանգրուանի Իր Տոմսը,  Ուր Կը Մրցի Անգլիոյ Դէմ

«Եւրօ-2020». Գերմանիա Պարտութենէ Մը Փրկուեցաւ Եւ Ապահովեց 1-16-րդ Հանգրուանի Իր Տոմսը, Ուր Կը Մրցի Անգլիոյ Դէմ

Խմբակներու դրութեամբ տեղի ունեցող «Եւրօ-2020»-ի ֆութպոլի մրցաշարքին մրցումները երէկ գիշեր հասան իրենց աւարտին, երբ կատարուեցան յայտագիրին վրայ եղող վերջին չորս ճակատումները: Ե. խմբակին մէջ, Սպանիա 5-0 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Սլովաքիան, իսկ Շուէտ 3-2 արդիւնքով յաղթեց Լեհաստանին: Յաղթական երկու խումբերն ալ ապահովեցին յաջորդ հանգրուանի իրենց տոմսերը: Ի վերջոյ կատարուեցան Զ. խմբակի վերջին երկու մրցումները, երբ Գերմանիա մրցեցաւ Հունգարիոյ դէմ, իսկ Ֆրանսա`...

«Եւրօ-2020».  Ամէնէն Շատ Վարձատրուող Մարզիչները

«Եւրօ-2020». Ամէնէն Շատ Վարձատրուող Մարզիչները

Միջազգային մարզական մամուլին համաձայն, «Եւրօ-2020»-ի ֆութպոլի մրցաշարքին մասնակցող մարզիչներուն մէջ ամէնէն շատ վարձատրուող մարզիչներուն առաջին դիրքը կը գրաւէ Գերմանիոյ ֆութպոլի ազգային խումբին մարզիչը` Եոաքիմ Լոյեւ (4,6 միլիոն եւրօ): Երկրորդ դիրքին վրայ է Ֆրանսայի մարզիչ Տիտիէ Տեշան (4,2 միլիոն եւրօ), մինչ լաւագոյն եռեակը կ՛ամբողջացնէ Անգլիոյ մարզիչ Կերըթ Սաութկէյթ (3,5 միլիոն եւրօ): 10-րդ դիրքին վրայ է Պելճիքայի մարզիչ Ռոպերթօ Մարթինես (1,2 միլիոն...

Լիբանանեան Պասքեթպոլ.  Անդրանիկ Պէյրութ-ՀՄԸՄ Անթիլիաս` 61-59

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. ՀՄԸՄ Անթիլիաս Յաղթական` Երկարաձգումէն Ետք

Լիբանանի պասքեթպոլի աղջկանց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 12-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, երէկ կատարուեցան երկու հանդիպումներ: ՀՄԸՄ Անթիլիաս, որ Պըրժ Այնթուրայի դաշտին վրայ հիւրը եղաւ Մթայլեպին, երկարաձգումէն ետք արձանագրեց 75-65 արդիւնքով յաղթանակ մը: Իսկ երկրորդ մրցումին, Ռիատի Պէյրութ յաղթեց Հուփսին (78-40): Առաջին քորթըրին ՀՄԸՄ յաղթեց 17-12 արդիւնքով, իսկ երկրորդին` 32-29 արդիւնքով: Երրորդ քորթըրը եւս եղաւ ի նպաստ ՀՄԸՄ-ի աղջիկներուն (52-48), մինչ...

Ժիւտօ.  Ֆերտինանտ Կարապետեան Ապահովեց  Ողիմպիական Խաղերու Իր Տոմսը

Ժիւտօ. Ֆերտինանտ Կարապետեան Ապահովեց Ողիմպիական Խաղերու Իր Տոմսը

Հայաստանի ողիմպիական հաւաքականը երէկ համալրուեցաւ նոր անդամով մը: Հայաստանի ժիւտոյի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը յայտնեց, որ ժիւտոյի միջազգային ֆետերասիոնը ներկայացուց Թոքիոյի ողիմպիական խաղերուն մասնակիցներուն անունները, որոնց կարգին է նաեւ Հայաստանի ներկայացուցիչ Ֆերտինանտ Կարապետեան, որ ելոյթ կ՛ունենայ 73 քկ դասակարգին մէջ: Նախքան Կարապետեանի անունին աւելնալը, Հայաստանի համար ողիմպիականի տոմս ապահոված էին հետեւեալ 13 մարզիկները. Մարմնամարզիկ` Արթուր  Դաւթեան, յունահռոմէական ոճի ըմբիշներ` Արթուր Ալեքսանեան,...

Կռփամարտ.  Համբարձում Յակոբեան Եւս Նուազագոյնը  Պրոնզ Մետալ Մը Ապահովեց

Կռփամարտ. Համբարձում Յակոբեան Եւս Նուազագոյնը Պրոնզ Մետալ Մը Ապահովեց

Իտալիոյ մէջ տեղի ունեցող Եւրոպայի 22 տարեկանէն վար կռփամարտի ախոյեանութեան, Հայաստանի հաւաքականը ապահովեց իր երկրորդ մետալը, այս մասին երէկ յայտնեց Հայաստանի կռփամարտի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը: 81 քկ դասակարգին մէջ Համբարձում Յակոբեան, որ քառորդ աւարտականին գծով իր կատարած մրցումին 4-1 արդիւնքով յաղթեց գերմանացի իր մրցակիցին` Պեննոսա Էնիշին, նուազագոյնը պրոնզ մետալ մը ապահովեց: Նշենք, որ նախանցեալ օր նոյնը իրագործած էր նաեւ 56...

Ճատրակ.  Լեւոն Արոնեան Փարիզի Մէջ  Հանդիսացաւ 5-րդ

Ճատրակ. Լեւոն Արոնեան Փարիզի Մէջ Հանդիսացաւ 5-րդ

Հայրենի կրանտմասթըր Լեւոն Արոնեան գրաւեց 5-րդ դիրքը Ֆրանսայի մայրաքաղաք Փարիզի մէջ տեղի ունեցած ճատրակի «Կրանտ Չես Թուր»-ի երկրորդ հանգրուանի` արագ եւ կայծակնային խաղի մրցաշարքին: Արոնեան առաւելագոյն 36 կէտէն ապահովեց 17,5 կէտ: Տիտղոսին տիրացաւ ամերիկացի Ուեսլի Սօ, որ ապահովեց 24,5 կէտ: Երկրորդ դիրքը գրաւեց ռուս Իան Նեփոմնիաչի (21,5 կէտ), մինչ երրորդ եւ չորրորդ դիրքերը 18-ական կէտով յաջորդաբար գրաւեցին ֆրանսացի Մաքսիմ Վաշիէ-Լակրաւ...

Հայաստանի Ֆութպոլի Ֆետերասիոնը  Յաղթեց 2020-2021 Տարեշրջանի  Դրամաշնորհային Յատուկ Մրցումին

Հայաստանի Ֆութպոլի Ֆետերասիոնը Յաղթեց 2020-2021 Տարեշրջանի Դրամաշնորհային Յատուկ Մրցումին

Երէկ` երեքշաբթի, 22 յունիսին, Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը յայտնեց, որ Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնը յաղթեց «ԵՈՒ. Է. ԷՖ. Ա. »-ի «Ֆութպոլ էնտ Ռեֆիուճի Սքիմա» 2020-2021 տարեշրջանի («ԵՈՒ. Է. ԷՖ. Ա. »-ի Ֆութպոլի եւ գաղթականներու դրամաշնորհի ծրագիր) դրամաշնորհային մրցումին: «ԵՈՒ. Է. ԷՖ. Ա. »-ն եւ «ՄԱԿ»-ի գաղթականներու հարցերու գերագոյն յանձնակատարի գրասենեակը («ԵՈՒ. ԷՆ. ԷՅՉ. ՍԻ. ԱՐ. ») կ՛արժեւորեն ֆութպոլի միաւորող դերը`...

Հայաստանի 16 Տարեկանէն Վար Ֆութպոլի  Խումբը Դարձեալ Յաղթեց

Հայաստանի 16 Տարեկանէն Վար Ֆութպոլի Խումբը Դարձեալ Յաղթեց

«ԵՈՒ. Է. ԷՖ. Ա. »-ի զարգացման մրցաշարքին իր մասնակցութիւնը բերող Հայաստանի 16 տարեկանէն վար ֆութպոլի խումբը երէկ արձանագրեց իր երկրորդ յաջորդական յաղթանակը` 6-4 արդիւնքով պարտութեան մատնելով Խըրխըզիստանը: Առաջին մրցումին հայրենի կազմ 4-0 արդիւնքով յաղթած էր Լիբանանին: Երէկուան այս մրցումին, Հայաստան իր վեց կոլերէն երեքը նշանակեց փենալթիով, իսկ մրցակիցը, չորս կոլերէն երկուքը` փենալթիով: Հայաստանի 16 տարեկանէն վար խումբին յաջորդ մրցակիցը պիտի...

«Եւրօ-2020».  Անգլիա Եւ Խրուաթիա` Յաղթական. Այսօր` Փորթուգալ-Ֆրանսա

«Եւրօ-2020». Անգլիա Եւ Խրուաթիա` Յաղթական. Այսօր` Փորթուգալ-Ֆրանսա

Երէկ գիշեր «Եւրօ-2020»-ի ֆութպոլի մրցաշարքին ծիրին մէջ կատարուեցան երկու մրցումներ` Դ. խմբակին մէջ: Անգլիա յաջորդ հանգրուանի (փլէյ օֆ) իր տոմսը ապահովեց` գրաւելով խմբակին առաջին դիրքը (7 կէտով), երբ իր կատարած երրորդ մրցումին 1-0 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրեց  Չեխիոյ դէմ: Մրցումին միակ կոլը գլուխով նշանակեց Մանչեսթըր Սիթիի յառաջապահ Ռահիմ Սթերլինկ, 12-րդ վայրկեանին: Երկրորդ դիրքը գրաւեց Խրուաթիա` 3-1 արդիւնքով յաղթելով Սկովտիոյ: Նշենք,...

Լիբանանեան Պասքեթպոլ.  ՀՄԸՄ Արձանագրեց Տարեշրջանի  Իր Երրորդ Յաղթանակը

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. ՀՄԸՄ Արձանագրեց Տարեշրջանի Իր Երրորդ Յաղթանակը

Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 18-րդ եւ վերջին հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, երէկ` երկուշաբթի, 21 յունիսին, ՀՄԸՄ Պէյրութի կազմը, «Աղբալեան- ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան» մարզադաշտին վրայ հիւրընկալեց Անիպալ Զահլէն: Այս մրցումը աւարտեցաւ ՀՄԸՄ-ի կազմին յաղթանակով` 89-68 արդիւնքով (10-10, 39-20, 58-40 եւ 89-68): ՀՄԸՄ-էն Սէրուժ Աւետիսեան նշանակեց 15 կէտ, Քարլօ Ահարոնեան` 4 կէտ, Նարեկ Շաննաքեան` 3 կէտ:...

Թեքուանտօ.  Լիբանան Տիրացաւ 18 Մետալի

Թեքուանտօ. Լիբանան Տիրացաւ 18 Մետալի

Հովանաւորութեամբ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի, նախորդ շաբաթավերջին «Նուհատ Նաուֆալ» համալիրին մէջ (Զուք Միքայէլ) տեղի ունեցաւ Ասիոյ թեքուանտոյի ախոյեանութիւնը: Նշենք, որ Լիբանան երրորդ անգամ ըլլալով կը հիւրընկալէր այս ախոյեանութիւնը: Այս ախոյեանութեան ընթացքին լիբանանցի մարզիկները տիրացան 18 մետալի: Անոր վերջին օրը պրոնզէ մետալներու տիրացան Աննա Հատտատ (49 քկ) եւ Մարելլա Պու Հապիպ (53 քկ): Ախոյեանութեան իրենց մասնակցութիւնը բերին 38 երկիրներէ 270...

«Եւրօ-2020».  Պելճիքայի Եւ Նետերլանտներուն  Երրորդ Յաղթանակը

«Եւրօ-2020». Պելճիքայի Եւ Նետերլանտներուն Երրորդ Յաղթանակը

Երէկ` երկուշաբթի, 21 յունիսին, «Եւրօ-2020»-ի ֆութպոլի մրցաշարքի Ա. հանգրուանի ծիրին մէջ, կատարուեցան չորս ճակատումներ: Բ. խմբակին մէջ, պարագլուխի դիրքին վրայ գտնուող Պելճիքա արձանագրեց իր երրորդ յաղթանակը` 2-0 արդիւնքով պարտութեան մատնելով Ֆինլանտան: Մրցումին առաջին կոլը սխալմամբ իր բերդին մէջ նշանակեց Ֆինլանտայի բերդապահը` Լուքաս Հրատեքի (74-րդ), իսկ 81-րդ վայրկեանին Ռոմելու Լուքաքու արդիւնքը վերածեց 2-0-ի: Նոյն խմբակին մէջ, Ռուսիա 4-1 արդիւնքով պարտութիւն մը...

Կռփամարտ. Եւրոպայի 22 Տարեկանէն  Վար Ախոյեանութիւն.  Արթուր Բազէեան Ապահովեց Նուազագոյնը  Պրոնզէ Մետալ Մը

Կռփամարտ. Եւրոպայի 22 Տարեկանէն Վար Ախոյեանութիւն. Արթուր Բազէեան Ապահովեց Նուազագոյնը Պրոնզէ Մետալ Մը

Հայաստանի կռփամարտի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը երէկ յայտարարեց, որ երէկ Հայաստան իր առաջին մետալը ապահովեց Իտալիոյ մէջ տեղի ունեցող Եւրոպայի 22 տարեկանէն վար կռփամարտի ախոյեանութեան: 56 քկ դասակարգին մէջ, Արթուր Բազէեան, որ քառորդ աւարտականին գծով իր կատարած ճակատումին բաւական տպաւորիչ յաղթանակ մը արձանագրեց պոսնիացի Ալեն Ռահիմիչի դէմ, ապահովեց կիսաւարտականի իր տոմսը: Այսպիսով, կիսաւարտական հանգրուան հասնելով, հայրենի կռփամարտիկը ապահովեց նուազագոյնը պրոնզէ մետալ...

Հայաստանի 15 Տարեկանէն Վար Հաւաքականը  4-1 Արդիւնքով Պարտուեցաւ Խըրխըզիստանէն

Հայաստանի 15 Տարեկանէն Վար Հաւաքականը 4-1 Արդիւնքով Պարտուեցաւ Խըրխըզիստանէն

Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին ֆութպոլի ակադեմիային մէջ տեղի ունեցող «ԵՈՒ. Է. ԷՖ. Ա. »-ի ֆութպոլի զարգացման մրցաշարքին ծիրին մէջ, Հայաստանի 15 տարեկանէն վար ֆութպոլի հաւաքականը 4-1 արդիւնքով պարտուեցաւ Խըրխըզիստանի 16 տարեկանէն վար խումբէն, այս մասին յայտնեց Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին պաշտօնական կայքը: Նշենք, որ այս մրցումին ընթացքին հայրենի կազմին մէջ կատարուեցան եօթը փոփոխութիւններ:

Հայաստանի 17 Տարեկանէն Վար Ֆութպոլի Հաւաքականը  Բարեկամական Երկու Մրցում Պիտի Կատարէ Փորթուգալի Դէմ

Հայաստանի 17 Տարեկանէն Վար Ֆութպոլի Հաւաքականը Բարեկամական Երկու Մրցում Պիտի Կատարէ Փորթուգալի Դէմ

Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին պաշտօնական կայքը կը տեղեկացնէ, որ Հայաստանի 17 տարեկանէն վար հաւաքականը ֆութպոլի բարեկամական երկու մրցում պիտի կատարէ Փորթուգալի իր հասակակիցներուն դէմ: Այդ երկու մրցումները, որոնք պիտի կատարուին Փորթուգալի մէջ, տեղի պիտի ունենան 28 եւ 30 յունիսին: Բարեկամական այդ երկու մրցումներուն պատրաստուելու համար, Մհեր Միրումեանի գլխաւորած խումբը 23-25 յունիսին մարզական հաւաք մը պիտի կատարէ Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին ֆութպոլի ակադեմիային...

«Եւրօ-2020».  Ուսման Տեմպելէի Համար Մրցաշարքը Աւարտեցաւ

«Եւրօ-2020». Ուսման Տեմպելէի Համար Մրցաշարքը Աւարտեցաւ

Աշխարհի ֆութպոլի ախոյեան Ֆրանսայի ֆութպոլի ազգային խումբի յառաջապահ Ուսման Տեմպելէի համար «Եւրօ-2020»-ի ֆութպոլի մրցաշարքը աւարտեցաւ, այս մասին յայտնեց Ֆրանսայի ֆութպոլի ֆետերասիոնին պաշտօնական կայքը: 24 տարեկան ֆութպոլիստը, որ ծունկի վնասուածք ունի, երեք շաբաթ պիտի չկարենայ դաշտ ներկայանալ: Տեմպելէ, որ մասնակցեցաւ Ֆրանսայի կատարած Ա. հանգրուանի երկու մրցումներուն, հաւաքականին ճամբարը լքելով վերադարձաւ իր տունը, ուրկէ պիտի հետեւի մրցումներուն: Նշենք, որ վաղը` չորեքշաբթի, 23...

«Եւրօ-2020».  Թոմաս Միւլըր Բացակայ`  Հունգարիոյ Դէմ  Տեղի Ունենալիք Մրցումէն

«Եւրօ-2020». Թոմաս Միւլըր Բացակայ` Հունգարիոյ Դէմ Տեղի Ունենալիք Մրցումէն

Գերմանիոյ ֆութպոլի ազգային խումբի եւ Պայէրն Միւնիխի յառաջապահ Թոմաս Միւլըր, որ աջ ոտքի վնասուածք ստացաւ, բացակայեցաւ Եոաքիմ Լոյեւի գլխաւորած կազմին երէկուան փորձերէն: Գերմանական «Պիլտ» մարզական օրաթերթը տեղեկացուց, որ 31 տարեկան ֆութպոլիստը իր մասնակցութիւնը պիտի չկարենայ բերել խմբային հանգրուանին գծով տեղի ունենալիք վերջին մրցումին, ուր անոր կազմը պիտի մրցի Հունգարիոյ դէմ: Գերմանիա-Հունգարիա մրցումը տեղի պիտի ունենայ այսօր: Այժմ Զ. խմբակին առաջին...

2022-ի Մոնտիալ.  «Քորոնա» Ժահրին Դէմ Պատուաստ Ստացած  Համակիրներն Են Միայն,  Որոնք Կրնան Քաթար Մուտք Գործել

2022-ի Մոնտիալ. «Քորոնա» Ժահրին Դէմ Պատուաստ Ստացած Համակիրներն Են Միայն, Որոնք Կրնան Քաթար Մուտք Գործել

Քաթարի վարչապետ Խալետ Պըն Խալիֆա Պըն Ապտել Ազիզ Թանի ստորագրեց պաշտօնական հրամանագիր մը, որուն համաձայն, 2022-ի Մոնտիալին «Քորոնա» ժահրին դէմ պատուաստ ստացած համակիրներն են միայն, որոնք կրնան Քաթար մուտք գործել` մրցումներուն ներկայ գտնուելու համար: Աշխարհի ֆութպոլի այս ախոյեանութեան մեկնարկը տրուելուն թէեւ շատ ժամանակ կայ, սակայն Քաթարի վարչապետը այժմէն իսկ եկաւ այդ որոշումը ֆութպոլասէր ամբողջ հասարակութեան ուշադրութեան յանձնելու: Նշենք, որ 2022-ի...

Ա. Սէ. Միլան Եւ Եուվենթուս Կ’ուզեն  Իրենց Կազմին Միացնել Էտին Ծեքոն

Ա. Սէ. Միլան Եւ Եուվենթուս Կ’ուզեն Իրենց Կազմին Միացնել Էտին Ծեքոն

Իտալական մարզական մամուլին համաձայն, երկրին երկու անուանի կազմերը` Ա. Սէ. Միլան եւ Եուվենթուս, մեծ աշխատանք կը տանին իրենց կազմին միացնելու Ա. Էս. Ռոմայի 35 տարեկան յառաջապահ Էտին Ծեքոն: Պոսնիացի յառաջապահին պայմանագրութիւնը Ա. Էս. Ռոմայի հետ նախատեսուած է մինչեւ 30 յունիս 2022: Սակայն հակառակ ատոր, հռոմեան կազմի նոր նշանակուած մարզիչ, փորթուգալցի Ժոզէ Մուրինիօ այնպէս կը թուի, որ յառաջիկայ տարեշրջանին գծով չ՛ուզեր...

Page 495 of 1279 1 … 494 495 496 … 1,279

Արխիւներ