Երկու օրուան դադարէ մը ետք, երէկ` երեքշաբթի, 6 յուլիսին տեղի ունեցաւ «Եւրօ-2020»-ի ֆութպոլի մրցաշարքի կիսաւարտականի առաջին ճակատումը, որուն ընթացքին Իտալիա մրցեցաւ Սպանիոյ դէմ:
Անգլիոյ մայրաքաղաք Լոնտոնի մէջ գտնուող «Ուեմպլի» մարզադաշտին մէջ տեղի ունեցած այս մրցումին առաջին կիսախաղին երկու կազմերը չյաջողեցան կոլ նշանակել:
60-րդ վայրկեանին, Եուվենթուսի 23 տարեկան յառաջապահ Ֆետերիքօ Քիեսա նշանակեց Իտալիոյ եւ մրցումին առաջին կոլը:
Սակայն 80-րդ վայրկեանին, Եուվենթուսի մէկ այլ մարզիկը` 28 տարեկան յառաջապահ` Ալվարօ Մորաթթա նշանակեց Սպանիոյ հաւասարութեան կոլը:
Նկատի ունենալով, որ մրցումին 90 վայրկեանները, ինչպէս նաեւ երկարաձգման 30 վայրկեանները աւարտեցան 1-1 արդիւնքով հաւասարութեամբ մը, դիմուեցաւ անխուսափելիին` փենալթիներուն, որպէսզի կարելի ըլլայ պարզել յաղթողը:
Իտալիա յաջողեցաւ ապահովել աւարտականի իր տոմսը` փենալթիներով արձանագրելէ ետք 4-2 արդիւնքով յաղթանակ մը:
Աւարտականին Իտալիա իր դէմ պիտի ունենայ Անգլիա-Դանիա մրցումին յաղթականը:
Այս մրցումը տեղի պիտի ունենայ այսօր, նոյն վայրին մէջ, ժամը 22:00-ին, Պէյրութի ժամանակացոյցով:



