Ինքնաշարժներու միջազգային ֆետերասիոնը «ՖԻԱ» իր հրապարակած պաշտօնական հաղորդագրութեան մէջ յայտարարեց, որ Աւստրալիոյ կրան փրին, որ տեղի պիտի ունենար «Ալպերթ Փարք» վազքուղիին վրայ, կը ջնջէ այս տարեշրջանի իր յայտագիրէն:
Նշենք, որ յաջորդաբար երկրորդ տարին ըլլալով անիկա կը յետաձգուի կազմակերպիչներուն կողմէ:
Սկզբունքով անիկա տեղի պիտի ունենար նախորդ մարտին, սակայն անոր կայացման թուական ճշդուած էր 21 նոյեմբերը, Մելպուռնի մէջ:
Յայտարարուեցաւ, որ անոր ջնջման պատճառը «Քորոնա» ժահրի համավարակն է:



