Հայաստանը ներկայացնող կրանտմասթըր Կարէն Գրիգորեան, որ իր մասնակցութիւնը բերաւ Սեւիլլայի (Սպանիա) ճատրակի միջազգային մրցաշարքին, իր տպաւորիչ արդիւնքներուն շնորհիւ հանդիսացաւ մրցաշարքի տիտղոսակիր:
Ան առաւելագոյն 7 կէտէն 6,5 կէտ ապահովելով գրաւեց առաջին դիրքը:
Տիտղոսին տիրանալով` ան 4 կէտով բարելաւեց իր անհատական վարկանիշը` միջազգային դասաւորման մէջ:
Նշուեցաւ, որ այս մրցաշարքին իրենց մասնակցութիւնը բերին` 132 ճատրակ խաղացողներ:
Այլ գետնի վրայ, Ֆիլատելֆիոյ մէջ (Միացեալ Նահանգներ) աւարտած «Ուորլտ Օփըն» ճատրակի միջազգային մրցաշարքին իր մասնակցութիւնը բերած հայրենի երիտասարդ կրանտմասթըր Արամ Յակոբեան, առաւելագոյն 9 կէտէն 7 կէտ ապահովելով կիսեց 3-6-րդ դիրքը:
Կրանտմասթըրներ Զաւէն Անդրէասեան եւ Վլատիմիր Յակոբեան 6,5-ական կէտով կիսեցին 7-10-րդ դիրքերը:
Տիտղոսին տիրացաւ Միացեալ Նահանգներու ներկայացուցիչ Հանս Նիեման (7,5 կէտով):
Մինչեւ 1800 գործակից ունեցող ճատրակ խաղացողներու պայքարին մէջ Հայաստանը ներկայացնող Վալերի Յակոբեան 8 կէտով դարձաւ մրցաշարքի տիտղոսակիր: