Երէկ գիշեր Անգլիոյ մայրաքաղաք Լոնտոնի մէջ գտնուող «Ուեմպլի» մարզադաշտին վրայ մեծաթիւ համակիրներու ներկայութեան տեղի ունեցաւ Անգլիա-Դանիա կիսաւարտականի երկրորդ ճակատումը:
Երկու կազմերն ալ բաւական մեծ պայքար մղելով իրենց ամէն կարելին ըրին դառնալու մրցումին յաղթականը` ապահովելու համար աւարտականի մրցումին իրենց տոմսը, ճակատելու համար օր մը առաջ աւարտական հանգրուան հասած Իտալիոյ դէմ, որ կիսաւարտականին իր յաղթանակը արձանագրած էր Սպանիոյ դէմ` փենալթիներով:
Նկատի ունենալով, որ մրցումին 90 վայրկեանները աւարտեցան 1-1 արդիւնքով, դիմուեցաւ երկարաձգման:
Երկարաձգման 104-րդ վայրկեանին, լոնտոնեան Թոթենհամի եւ Անգլիոյ 27 տարեկան խմբապետ Հերի Քէյն նշանակեց իր կազմին յաղթանակի կոլը: Թէեւ անոր հարուածած փենալթին զսպուեցաւ Դանիոյ բերդապահ Քասփեր Շմայքըլի կողմէ, սակայն ան շարունակելով գնդակը նշանակեց իր կազմին երկրորդ եւ յաղթանակի կոլը:
Այստեղ պէտք է նշել, որ Դանիոյ նշանակած կոլը (ազատ հարուածով) Միքել Տամըսկաարտի կողմէ (30-րդ վայրկեանին) կարելի է սեպել մրցաշարքին լաւագոյն կոլերէն մէկը:
Օրուան կեդրոնի իրաւարարն էր Տենի Մաքքելի (Նետերլանտներ):