Նախորդ շաբաթավերջին, հովանաւորութեամբ Պշարրէի քաղաքապետութեան եւ կազմակերպութեամբ Քաննուպին Ռիատի ակումբին, տեղի ունեցաւ փինկ փոնկի մրցաշարք մը` հսկողութեամբ` Լիբանանի փինկ փոնկի ֆետերասիոնին:
Մրցաշարքի աւարտին, վերոնշեալ քաղաքապետութիւնը ազնիւ գաղափարը ունեցաւ պարգեւատրելու երկար տարիներ Լիբանանի փինկ փոնկի ֆետերասիոնի նախագահի պաշտօնը վարած` Սելիմ Հաժ Նիքոլան:
Նշենք, որ մրցանակաբաշխութեան ներկայ գտնուեցաւ նաեւ Լիբանանի փինկ փոնկի ֆետերասիոնին նախագահ Ժորժ Քուփալի:



