Անգլիոյ մէջ տեղի ունեցող «Ուիմպըլտըն»-ի թենիսի կրան շլեմի միջազգային բաց մրցաշարքի 1-16-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, երէկ` երեքշաբթի, 6 յուլիսին լեհ Հուպերթ Հուրքասզ, որ այս մրցաշարքին գծով դասուած է 18-րդ, ստեղծեց մեծ անակնկալ մը, երբ մրցաշարքէն դուրս ձգեց 2-րդ դասուած ռուս Տանիիլ Մետվետեւ` անոր դէմ արձանագրելով 2-6, 7-6, 3-6, 6-3 եւ 6-3 արդիւնքով յաղթանակ մը:
Անոնց միջեւ այս ճակատումը տեւեց 3 ժամ 7 վայրկեան:
Նշենք, որ անոնց միջեւ այս մրցումը սկսած էր նախանցեալ օր, սակայն անձրեւուն պատճառով կիսատ մնացած էր 4-րդ սեթին եւ շարունակուած երէկ:
Քառորդ աւարտականին ան կը մրցի 6-րդ դասուած զուիցերիացի Ռոժէ Ֆետերերի դէմ: