Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը երէկ գիշեր հրապարակեց Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց ախոյեանութեան աւարտական հանգրուանի մրցումներուն յայտագիրը, որուն ընթացքին իրարու դէմ կը մրցին Ռիատի Պէյրութ եւ Շանվիլ:
Անոնց միջեւ առաջին ճակատումը տեղի կ՛ունենայ Մանարայի մէջ վաղը` չորեքշաբթի, 7 յուլիսին, երեկոյեան ժամը 17:50-ին:
Եօթը մրցումէ չորս յաղթանակ արձանագրող խումբը կը հանդիսանայ Լիբանանի ախոյեան:
Նշենք, որ Շանվիլ երէկ ապահովեց աւարտականի իր տոմսը` 98-59 արդիւնքով յաղթելէ ետք Աթլասին, այսպիսով անոր դէմ արձանագրելով իր երրորդ յաղթանակը: