Երէկ Պրազիլի ֆութպոլի ազգային խումբը ապահովեց «Քոփա Ամերիքա» ֆութպոլի մրցաշարքի աւարտականի իր տոմսը` 1-0 արդիւնքով յաղթելէ ետք Փերուին:
Մրցումին եւ Պրազիլի միակ կոլը նշանակեց Լուքաս Փերես, 35-րդ վայրկեանին:
Աւարտականին Պրազիլ իր դէմ պիտի ունենայ Արժանթին-Քոլոմպիա մրցումին յաղթականը:
Նշենք, որ Պրազիլ մրցաշարքին գործող ախոյեանն է: