Երկու օրուան հանգիստէ մը ետք, այսօր` երեքշաբթի, 6 յուլիսին տեղի կ՛ունենայ «Եւրօ-2020»-ի ֆութպոլի մրցաշարքի կիսաւարտականի առաջին մրցումը, որուն ընթացքին իրարու դէմ կը մրցին Իտալիա եւ Սպանիա:
Այս մրցումը, որ տեղի պիտի ունենայ Անգլիոյ մայրաքաղաք Լոնտոնի մէջ գտնուող «Ուեմպլի»-ի մարզադաշտին վրայ, պիտի սկսի ժամը 22:00-ին (Պէյրութի ժամանակացոյցով):
Օրուան կեդրոնի իրաւարարը պիտի ըլլայ գերմանացի Ֆելիքս Պրիխ, որ կը նկատուի աշխարհի լաւագոյն փորձառու իրաւարարներէն մէկը:
Կիսաւարտականի երկրորդ մրցումին, վաղը իրարու դէմ կը մրցին` Անգլիա եւ Դանիա:



