Հայաստանի ֆութպոլի ախոյեան Ալաշկերտ-Երեւան, որ երէկ հիւրը եղաւ Քոնաս Քուայի (Կալես), անոր հետ արձանագրեց 2-2 արդիւնքով հաւասարութիւն մը:
Նշենք, որ այս մրցումը կ՛իյնայ «Չեմփիընզ Լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքի զտումի Ա. հանգրուանի երթի մրցումներուն ծիրին մէջ:
Ալաշկերտի արձանագրած այս հաւասարութիւնը` Կալեսի ախոյեանին հետ, նկատուեցաւ բաւական կարեւոր` դարձի մրցումին գծով:
Անոնց միջեւ դարձի մրցումը տեղի պիտի ունենայ 14 յուլիսին` Երեւանի մէջ: