Կազմակերպութեամբ Լիբանանի աթլեթիզմի ֆետերասիոնին, նախորդ շաբաթավերջին, երեք օրերու տեւողութեան վրայ, Քեմիլ Շամունի անուան Մարզական աւանին մէջ, տեղի ունեցան Լիբանանի ֆետերասիոնի բաժակի մրցաշարքի տարիքային տարբեր տեսակի մրցումները` մասնակցութեամբ շուրջ 400 երկսեռ մարզիկներու, որոնք կը ներկայացնէին ֆետերասիոնին մօտ արձանագրուած 20 ակումբներ:
Անոր ներկայ գտնուեցան եւ մրցանակաբաշխութիւնը կատարեցին Լիբանանի աթլեթիզմի ֆետերասիոնի նախագահ Ռոլան Սաատէ եւ ֆետերասիոնի այլ անդամներ:
Տղոց 14 տարեկանէն վար 300 մեթր վազքի մրցումին առաջին հանդիսացաւ Յակոբ Ապտալեան (ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ), որ արձանագրեց 45” 30 արդիւնք մը:
Յակոբ Ապտալեան տիրացաւ երկրորդ ոսկի մետալի մըն ալ, երբ տղոց 14 տարեկանէն վար 60 մեթր վազքի մրցումին, արձանագրեց 8” 58 արդիւնք մը:
Աղջկանց 14 տարեկանէն վար 300 մեթր վազքի մրցումին իր կարգին առաջնութիւնը խլեց Վանա Աւետիսեան (ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ), որ արձանագրեց 1′ 12” 16 արդիւնք մը:
Տղոց 14 տարեկանէն վար գունդ նետելու մրցումներուն (3 քկ), ՀՄԸՄ Պէյրութին մաս կազմող Էնտի Տօներեան գրաւեց երրորդ դիրքը (8,30 մեթր):
Աղջկանց 16 տարեկանէն վար 300 մեթր վազքի մրցումին Քաթրինա Աւետիսեան (ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ) գրաւեց երրորդ դիրքը` արձանագրելով 1′ 26” 64 արդիւնք մը: