Երէկ` երկուշաբթի, 5 յուլիսին, «Ա. Թէ. Սէ. Էլ.» իր հրապարակած պաշտօնական մէկ հաղորդագրութեան մէջ յայտնեց, որ Ժեզզինի ռելին, որ կ՛իյնայ Լիբանանի ռելիներու ախոյեանութեան 2-րդ հանգրուանի ծիրին մէջ, շաբաթով մը յետաձգուեցաւ:
Սկզբունքով 18 յուլիսին տեղի ունենալիք այս ռելին այժմ տեղի պիտի ունենայ 25 յուլիսին, նկատի ունենալով, որ Ժեզզինի քաղաքապետութիւնը 16-18 յուլիսին, տարբեր տեսակի ձեռնարկներ կազմակերպած է:
Այլ գետնի վրայ, կիրակի, 11 յուլիսին, Ամշիթի շրջանին մէջ տեղի պիտի ունենայ «սփիտ թեսթ»-ի 3-րդ հանգրուանի մրցումը:



