Ռէալ Մատրիտի նախկին խմբապետ Սերճիօ Ռամոս, որ հասաւ Ֆրանսայի մայրաքաղաք Փարիզ, այցելեց Փարիզ Սեն Ժերմենի գրասենեակը, այս մասին յայտնեց ֆրանսական մարզական մամուլը:
Կ’ակնկալուի, որ յառաջիկայ օրերուն ընթացքին մայրաքաղաքի կազմը պաշտօնական յայտարարութիւն մը կատարէ 35 տարեկան սպանացի յետսապահին հետ պայմանագրութիւն մը կնքելու մասին:
16 տարի Ռէալ Մատրիտի շապիկը կրած Ռամոսի պայմանագրութիւնը արքայական ակումբին հետ աւարտեցաւ նախորդ 30 յունիսին եւ ան դարձաւ ազատ մարզիկ մը: