Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի յետսապահ Վարազդատ Հարոյեան նախորդ շաբաթավերջին միացաւ Քատիսին, որ մաս կը կազմէ Սպանիոյ ֆութպոլի բարձրագոյն դասակարգի ախոյեանութեան («Լա Լիկա»):
28 տարեկան հայրենի ֆութպոլիստը նախորդ շաբաթավերջին ենթարկուեցաւ բժշկական յաջող քննութիւններու:
Հարոյեան, որ մինչեւ 2023 պայմանագրութիւն մը ստորագրեց, այսօր` երկուշաբթի, 12 յուլիսին իր ակումբին հետ պիտի սկսի նախապատրաստուիլ «Լա Լիկա»-ի նոր տարեշրջանին:
Ան այսպիսով Արազ Օզպիլիսէն ետք հանդիսացաւ երկրորդ ֆութպոլիստը, որ հանդէս պիտի գայ Սպանիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան մրցումներուն: Օզպիլիս նախապէս ելոյթ ունեցած է Ռայօ Վայեքանոյի հետ:
Նշենք, որ նախորդ տարեշրջանին Քատիս գրաւեց դասաւորման 12-րդ դիրքը:



