Թենիսի իր արհեստավարժ ասպարէզին ընթացքին 20 կրան շլեմի մրցաշարքերու տիտղոսներու տիրացած զուիցերիացի Ռոժէ Ֆետերեր պաշտօնապէս յայտարարեց, որ իր մասնակցութիւնը պիտի չբերէ «Թոքիօ-2020»-ի ողիմպիական խաղերու թենիսի մրցաշարքին:
«Խոտով ծածկուած դաշտերու վրայ տարեշրջանին ընթացքին իմ կատարած մրցումներուս ընթացքին, դժբախտաբար ծունկի հարցեր ունեցայ եւ այդ պատճառով ստիպուած պիտի ըլլամ բացակայիլ ողիմպիական խաղերէն», ըսաւ Ֆետերեր: