Ինչպէս ծանօթ է, կիրակի, 11 յուլիսին, Իտալիոյ ֆութպոլի ազգային խումբը հանդիսացաւ Եւրոպայի ֆութպոլի ախոյեանութեան` «Եւրօ-2020»-ի մրցաշարքի տիտղոսակիր` աւարտական մրցումին փենալթիներով 3-2 արդիւնքով յաղթելով Անգլիոյ:
Իր արձանագրած այս յաղթանակին շնորհիւ, Իտալիա իր անպարտելիութեան շարքը հասցուց 34 մրցումի, այսպիսով բարելաւելով իր սեփական մրցանիշը:
Միջազգային մրցանշակիրներուն հաւասարելու համար, իտալացիները պէտք ունին յաւելեալ այլ յաղթանակի մըն ալ:
Նշենք, որ միայն երկու խումբեր` Սպանիա (2007-2009) եւ Պրազիլ (1993-1996), յաջորդական 35 մրցումի ընթացքին մնացած են անպարտելի: