Այսօր` երեքշաբթի, 13 յուլիսին Թիրասփոլի մէջ (Մոլտովա), տեղի պիտի ունենայ Շերիֆ (Մոլտովա)-Թէութա Տիւրրես (Ալպանիա) մրցումը, որ կ՛իյնայ «Չեմփիընզ Լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքի զտումի Ա. հանգրուանի դարձի մրցումներուն ծիրին մէջ:
Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութենէն կը տեղեկանանք, որ այս մրցումին իրաւարարներու տեսուչ նշանակուած է Կարէն Նալբանդեան:
Վերոնշեալ մրցաշարքի ծիրին մէջ, Իսլանտայի մայրաքաղաք Ռէյքիաւիքի մէջ տեղի պիտի ունենայ Վալուր (Իսլանտա)-Տինամօ Զաղրեպ (Խրուաթիա) դարձի մրցումը:
Մրցումին կեդրոնի իրաւարարը պիտի ըլլայ Հայաստանէն Զաւէն Յովհաննիսեան: Անոր օգնականները պիտի ըլլան Ատոմ Սեւգուլեան եւ Մեսրոպ Ղազարեան, մինչ չորրորդ իրաւարարը պիտի ըլլայ Հենրիկ Նալբանդեան: