Կազմակերպութեամբ «Ա. ԹԷ. ՍԷ. ԷԼ. »-ին, նախորդ շաբաթավերջին Ամշիթի շրջանին մէջ տեղի ունեցաւ «սփիտ թեսթ»-ի երրորդ հանգրուանի մրցումը` մասնակցութեամբ 78 ինքնաշարժներու, ինչ որ նկատուեցաւ բացառիկ արդիւնք մը` կազմակերպիչ ակումբին կողմէ:
Արձանագրելով 1′ 20” 59 արդիւնք մը, փորձառու վարորդ Ռոժէ Ֆըղալի իր ինքնաշարժին` «Միթսուպիշի Լանսըր ԷՎՕ-6»-ի հետ գրաւեց առաջին դիրքը:
Ոչ արհեստավարժներու մրցումին, «ԷԼ.-2» դասակարգին մէջ առաջին հանդիսացաւ Քրիսթոֆըր Գանլըճեան («Սուզուքի Սուիֆ Սփոր»):
Աւարտին տեղի ունեցաւ մրցանակաբաշխութիւնը` կազմակերպիչներուն կողմէ: