Լիբանանի տղոց պասքեթպոլի Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 2020-2021 տարեշրջանը երէկ գիշեր հասաւ իր աւարտին, երբ տեղի ունեցաւ Շանվիլ-Ռիատի Պէյրութ աւարտականի չորրորդ մրցումը:
Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը, երբ հրապարակեց աւարտական հանգրուանի մրցումներուն յայտագիրը, յայտնեց, որ եօթը մրցումէ չորս յաղթանակ արձանագրող խումբը կը հանդիսանայ Լիբանանի ախոյեան:
Ռիատի Պէյրութ, որ նախորդ երեք մրցումներուն յաղթանակ արձանագրած էր, երէկ արձանագրելով իր չորրորդ յաղթանակը` 92-76 արդիւնքով, Տիք Մըհտիի մէջ հանդիսացաւ Լիբանանի ախոյեան:
Մրցումին աւարտին, Ռիատիի խմբապետ Ժան Ապտելնուր ախոյեանութեան բաժակը ստացաւ Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնի նախագահ Աքրամ Հալապիէն` ներկայութեամբ Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնի ընդհանուր քարտուղար Շարպել Ռըզքի: