Երեւանի մէջ 13-18 յուլիսին տեղի պիտի ունենան Եւրոպայի պասքեթպոլի աղջկանց 20 տարեկանէն վար ախոյեանութեան «Չելընճ» մրցաշարքի Դ. խմբակին մրցումները:
Հայաստանի մրցակիցները պիտի ըլլան Յունաստան, Զուիցերիա, Ուքրանիա եւ Ալպանիա:
Երէկ` երկուշաբթի, 12 յուլիսին, Հայաստանի կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնակրթութեան նախարարի տեղակալ Կարէն Գիլոյեան ընդունեց ՖԻՊԱ-ի Եւրոպայի մրցաշարքերը համակարգող Սինան Տազէն, որուն կ՛ընկերակցէր Հայաստանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնի ընդհանուր քարտուղար Արթուր Նազարեան:
Անոնք քննարկեցին այս մրցաշարքին կայացման մանրամասնութիւնները, Եւրոպայի փոքր երկիրներու ախոյեանութիւնը Հայաստանի մէջ կատարելու կարելիութիւնները, ինչպէս նաեւ Եւրօ-ասիական լիկային եւ Հայաստանի մէջ այս մարզաձեւի զարգացման առնչուող հարցեր: