Փիւնիկ Երեւանի մամլոյ քարտուղարութիւնը յայտնեց, որ նախապէս ակումբին մաս կազմած միջնապահ Էրիկ Վարդանեան վերադարձաւ խումբ:
Ռուսական Սոչի ֆութպոլի ակումբին մաս կազմող 23 տարեկան Վարդանեան, որ փոխ տրուեցաւ Փիւնիկին, նախապէս հայկական կազմին հետ կատարած է 69 մրցում` նշանակելով 13 կոլ:
Իսկ Հայաստանի ֆութպոլի ազգային խումբին հետ ան չորս մրցումի ընթացքին նշանակած է կոլ մը:
Նշենք, որ Հայաստանի ֆութպոլի բարձրագոյն դասակարգի ախոյեանութեան 2020-2021 տարեշրջանին Փիւնիկ Երեւան գրաւեց դասաւորման 7-րդ դիրքը: