Երէկ` երկուշաբթի, 12 յուլիսին, տեղի ունեցաւ Լիբանանի պասքեթպոլի աղջկանց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան աւարտական հանգրուանի առաջին մրցումը, որուն ընթացքին Ռիատի Պէյրութ Մանարայի իր դաշտին վրայ հիւրընկալեց Պէյրութը:
Աւարտականի առաջին այս մրցումին յաղթականը եղաւ հիւր կազմը` Պէյրութ, որ արձանագրեց բաւական կարեւոր յաղթանակ մը` 58-54 արդիւնքով:
Մրցումին չորս քորթըրները ընթացան հետեւեալ ձեւով. 8-11, 18-13, 19-15 եւ 9-19:
Ինչպէս ակնյայտ է, մրցումին անկիւնադարձային կէտը եղաւ չորրորդ եւ վերջին քորթըրը, ուր Պէյրութ ինք է, որ աւելի տիրապետեց:
Մրցումին ամէնէն շատ կէտը (17) նշանակեց Պէյրութի խմբապետ Ռեպեքքա Աքըլ, մինչ անոր խմբակից Այտա Պախոս տապըլ-տապըլ մը իրագործեց (14 կէտ, 13 ռիպաունտ):
Իսկ Ռիատիէն ամէնէն շատ կէտը նշանակեց Լամա Մուքատտեմ (11):
Օրուան իրաւարարներն էին Փոլ Սըքայյեմ, Ռապիհ Մասրի եւ Ճենիֆըր Ամմուրի: