Երէկ` երկուշաբթի, 12 յուլիսին, Իտալիոյ վարչապետ Մարիօ Տրակի, վարչապետարանի իր նստավայրին մէջ ընդունեց Եւրոպայի ֆութպոլի ախոյեան Իտալիոյ ֆութպոլի ազգային խումբը, այս մասին յայտնեց Իտալիոյ ֆութպոլի ֆետերասիոնին պաշտօնական կայքը:
Այս հանդիպումէն առաջ, Ռոպերթօ Մանչինիի գլխաւորած խումբը ընդունած էր նաեւ Իտալիոյ նախագահ Սերճիօ Մաթարելլա:
Անոնք երկուքն ալ շնորհաւորեցին Իտալիոյ ձեռք ձգած այս յաջողութիւնը: Իտալիա իր պատմութեան մէջ երկրորդ անգամ ըլլալով կը հանդիսանար Եւրոպայի ախոյեան: