Հայաստանի ճատրակի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը կը տեղեկացնէ, որ Հայաստանի բոլոր ներկայացուցիչները ունեցան յաղթական մեկնարկ մը` աշխարհի ճատրակի բաժակի մրցաշարքին:
Ռուսական Սոչի քաղաքին մէջ սկսած աշխարհի բաժակի մրցաշարքի Ա. հանգրուանին գծով իրենց կատարած մրցումներուն յաղթանակներ արձանագրեցին Հայկ Մարտիրոսեան, Յովհաննէս Գաբուզեան եւ Շանթ Սարգսեան: Լեւոն Արոնեան եւ Գաբրիէլ Սարգսեան իրենց ելոյթներուն կը սկսին Բ. հանգրուանէն սկսեալ:
Իսկ աղջկանց մրցաշարքին Հայաստանի ներկայացուցիչ Էլինա Դանիէլեան սեւ քարերով յաղթեց իր մրցակիցին:
Նշենք, որ տղոց մրցաշարքին կը մասնակցին 206, իսկ աղջկանց մրցաշարքին` 103 մասնակիցներ:
Մրցաշարքը իր աւարտին կը հասնի 6 օգոստոսին: