Շաբաթ, 10 յուլիսին, Ռիօ Տը Ժանէյրոյի (Պրազիլ) «Մարաքանա» մարզադաշտին վրայ տեղի ունեցաւ «Քոփա Ամերիքա» ֆութպոլի մրցաշարքի աւարտական հանգրուանի մրցումը, որուն ընթացքին իրարու դէմ մրցեցան Պրազիլ եւ Արժանթին:
22-րդ վայրկեանին Փարիզ Սեն Ժերմենի միջնապահ Անխել Տի Մարիայի նշանակած կոլին շնորհիւ, Արժանթին արձանագրեց 1-0 արդիւնքով յաղթանակ մը եւ դարձաւ տիտղոսակիր:
Արժանթինի խմբապետ Լիոնել Մեսսիի համար այս տիտղոսը նկատուեցաւ շատ կարեւոր` նկատի ունենալով, որ ան այսպիսով Արժանթինի հետ տիրացաւ իր առաջին տիտղոսին, թէեւ ան 2008-ին Փեքինի ողիմպիական խաղերուն Արժանթինի հետ հանդիսացած էր ֆութպոլի մրցաշարքի տիտղոսակիր:
Մրցումէն ետք Մեսսի յայտարարեց, որ ինքզինք գերերջանիկ կը զգայ, որ իր կազմին հետ տիրացաւ այս տիտղոսին:
Արժանթին, որ այս մրցաշարքի տիտղոսին տիրացաւ 15-րդ անգամ ըլլալով (1993-էն ետք առաջին անգամ ըլալով), այսպիսով հաւասարեցաւ Ուրուկուէյին: Պրազիլ տիտղոսին տիրացած է 9 անգամ: