Հայրենի ճատրակի յառաջատար Լեւոն Արոնեան, որ իր մասնակցութիւնը կը բերէ «Սան Ֆերմեն Մասթըրզ Ֆայնըլ» ճատրակի առցանց մրցաշարքին, երէկ ապահովեց աւարտական հանգրուանի իր տոմսը, կայծակնային մրցումին յաղթելէ ետք չինացի Տինկ Լերենին` 8 մրցումի ընթացքին արձանագրելով 5-3 արդիւնքով յաղթանակ մը (3 յաղթանակ, 4 հաւասարութիւն եւ պարտութիւն մը):
Աւարտականին Արոնեանի մրցակիցը պիտի ըլլայ աշխարհի գործող ախոյեան, նորվեկիացի Մակնուս Քարլսընի եւ ամերիկացի Ուեսլի Սոյի միջեւ տեղի ունենալիք մրցումին յաղթականը: